Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալլաս. «Պատրաստ Ենք Սուրիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Վերահաստատելու, Եթէ Որեւէ Վատթարացում Տեսնենք»

March 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտնեց. «Բուռն կերպով կը մերժենք Կազայի մէջ ժողովրդագրական կամ շրջանային որեւէ փոփոխութիւն կատարելու որեւէ փորձ»: Ան ողջունեց Կազայի վերաշինութեան արաբական ծրագիրը, որ նաեւ որդեգրուեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ` նշելով, որ անիկա լուրջ է, «եւ այս գաղափարները պիտի քննարկենք մեր արաբ գործընկերներուն հետ»:

«Կը զօրակցինք ապագայ պաղեստինեան պետութեան, եւ Կազան անոր անբաժանելի մասն է, եւ միջազգային ընտանիքին հետ պիտի աշխատինք Կազայի վերաշինութեան համար:

«Պատրաստ ենք Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները վերահաստատելու, եթէ որեւէ վատթարացում տեսնենք», շեշտեց Քալլաս:

«Սուրիոյ մէջ փոխանցումը պէտք է խաղաղ ու համապարփակ ըլլայ, եւ բոլոր պարագաներուն քաղաքայինները պաշտպանուին», ընդգծեց Եւրոպական դիւանագիտութեան պետը` «արտաքին բոլոր ազդու կողմերուն» կոչ ուղղելով` «յարգելու Սուրիոյ միութիւնը, գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»:

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց գրասենեակը յայտարարեց. «Հաստատեցինք Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ 111 քաղաքայիններու սպանութիւնը, եւ կը կարծուի, որ զոհերուն թիւը շատ աւելի մեծ է»:

«Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ շարք մը սպանութիւններ դաշտային մահապատիժներ էին, եւ կը թուի, թէ գործադրուած են համայնքային հիմքի վրայ», նշեց ՄԱԿ-ի գրասենեակը` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ սպաննուածներէն ոմանք ամբողջ ընտանիքներ էին, ներառեալ կիներ եւ մանուկներ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց. «Ռուսիան մտահոգ է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողին նկատմամբ, եւ այդտեղ բռնարարքներու բռնկումը անընդունելի է»: «Յամենայն դէպս մենք Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողին նկատմամբ մտահոգուած ենք, նկատի ունենալով տարիներէ ի վեր մեր գործընկերներուն ու միջազգային ընտանիքի անդամներուն հետ, մեզի բարեկամ այդ պետութեան մէջ բոլոր քաղաքական, ազգային ու կրօնական խմբաւորումներուն համար խաղաղութեան ու անվտանգութեան երաշխաւորման համար թափած մեր ջանքերը, որպէսզի ան ահաբեկչութեան սպառնալիքներէ զուրկ ըլլայ»:

Լաւրով ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Անգարայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի հետ հանդիպումիս ընթացքին պէտք եղած բոլոր երաշխիքները տրուեցան, եւ ընդգծուեցաւ ազգային համաձայնութեան ուղղութեամբ երթը` քաղաքական հոլովոյթի համապարփակ երաշխաւորման ուղղութեամբ»:

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան մէջ ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալած է չորս անձեր, որոնք ծովեզերքի գիւղերէն մէկուն մէջ քաղաքայիններուն դէմ ապօրինի եւ արիւնալի արարքներ գործած են, եւ փոխանցուած են առնչակից զինուորական դատարանին, որպէսզի իրենց պատիժը կրեն:

 

 

Նախորդը

Քաւելաշվիլի. «Վրաստանը Կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Պատրաստ Է Շարունակել Ներդրում Ունենալ Այս Հոլովոյթին Մէջ»

Յաջորդը

Սուրիոյ Քիւրտերը Համաձայնագիր Ստորագրեցին` Դառնալով Սուրիոյ Նոր Իշխանութիւններու Անվտանգութեան Ուժերու Մաս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.