Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Անտոնեան միաբանութեան աբբահայր Ժոզեֆ Պու Ռաատն ու անոր ընկերակցող միաբանական պատուիրակութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց. «Մեր առաջին պարտաւորութիւնը պահանջուած բարեկարգումները կատարելն է, ինչ որ կարգ մը մտայնութիւններու փոփոխութեան կը նպաստէ»:
«Նոր Լիբանանը պիտի կառուցենք, ինչ որ անկարելի բան մը չէ, եւ պէտք է անոր համար դուրս գանք համայնքային, յարանուանական եւ կուսակցական նեղ արահետներէն` ի շահ հայրենիքին», նշեց ան` շեշտելով. «Ատիկա փտածութեան դէմ պայքար, չքաղաքականացուած պարկեշտ արդարադատութեան գոյութիւն կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ դատաւորներ, որոնք արդարութիւնը կը վճռեն` հիմնուելով իրենց խիղճին եւ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող փաստերուն վրայ»:
«Մեր առջեւ անկարելի բան չկայ, եւ կը ջանանք իրագործել այն, ինչ որ հասարակական շահէն կը բխի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այդ բոլորը կախեալ է մեր պատասխանէն այն հարցումին, թէ Լիբանանը իբրեւ բոլորին պետութի՞ւնը նկատի պիտի ունենանք, թէ՞ իւրաքանչիւրս պիտի շարունակէ անոր նայիլ համայնքային, յարանուանական եւ կուսակցական տեսանկիւնին վրայ»:
«Եթէ մեր նեղ տեսանկիւնին գերիները մնանք, մեր դիմաց բացուած առիթներէն շատերը պիտի կորսնցնենք: Մեկնելով ասկէ, պէտք է կատարենք մեր պարտականութիւնները եւ պահանջուած բարեկարգումները մեր հասարակաց տունը բարեկարգելու համար», յայտնեց նախագահը:


