Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրագտարեան. «Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Հարցերու Նախարարութեան Պիւտճէն Չ՛օգներ, Որ Նոյնիսկ Իր Պարտականութիւնը Կատարէ»

March 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, Ճիւնիի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշ եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի Ճիւնիի «Փլաթէա» համալիրին մէջ ստորագրեցին գործակցութեան համաձայնագիր` կառուցելու համար ֆետերասիոնի նոր կեդրոնատեղի մը եւ անոր պատկանող մարմնակրթական կառոյցներ:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ խորհրդարանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Ապի Ռամիան, երեսփոխաններ եւ մարմնակրթական տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ:

Նախարար Պայրագտարեան ձեռնարկի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ պասքեթպոլը կը գործէ անոր յաջող ղեկավարներուն եւ ազգային տիպարներու վերածուած աստղերուն շնորհիւ, «եւ ոեւէ մէկուն պարտական չէ, որովհետեւ պետութիւնը կը թերանայ, ձեռքէն բան չի գար, որովհետեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութեան պիւտճէն չ՛օգներ, որ նոյնիսկ իր պարտականութիւնը կատարէ»:

«Գիտեմ, որ լիբանանեան մարմնակրթութիւնը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ մէկը մարմնակրթական կառոյցներն են: Այդ տագնապը աւելի սուր դարձաւ իսրայէլեան յարձակումին ընթացքին` հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ բազմաթիւ կառոյցներու քանդումին հետեւանքով: Այս առումով ձեզի ըսեմ, թէ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութեան մէջ կազմեցինք աշխատանքային խումբ մը, որուն առաքելութիւնը մարմնակրթական ու սկաուտական կառոյցներու կացութեան շուրջ համապարփակ թղթածրար մը պատրաստելն է, եւ ան գիշեր-ցերեկ կ՛աշխատի ամբողջացնելու այս թղթածրարը` օգնութեամբ վարչապետի գրասենեակին պատկանող Հարաւի խորհուրդին ճարտարապետական խումբի մը», նշեց ան:

«Նաեւ յառաջիկայ շաբաթ պիտի սկսինք աշխատիլ վարչապետի գրասենեակին պատկանող Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդին հետ համակարգուած ուսումնասիրութեան մը պատրաստման», աւելցուց նախարարը:

«Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի այցելեցի եւ զինք տեղեակ պահեցի վերոնշեալներէն: Ան գոհունակութիւն ու պատրաստակամութիւն յայտնեց եւ խոստացաւ, անմիջապէս որ պատրաստ ըլլան թղթածրարն ու ուսումնասիրութիւնը, զանոնք տանիլ հոն, ուր պէտք է` կառոյցներու վերանորոգման ու վերաշինման աջակցութիւն ստանալու համար», յայտնեց Պայրագտարեան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ապու Ֆաուր. «Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերը Ցաւալի Են»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.