Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ալեքսանտր Տարչիեւը նշանակեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ նոր դեսպան: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախքան այդ յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Ամերիկեան կողմը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հիւսիսային Ատլանտեանի բաժանմունքի տնօրէն Ալեքսանտր Տարչիեւը Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր նոր դեսպան նշանակման համաձայնագիրի յուշագիր ներկայացուց»:
Նախարարութիւնը աւելցուց. «Այդ հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ Պոլսոյ մէջ ռուս եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններու ժողովի ընթացքին, ուր Ուաշինկթընը ներկայացուց արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Սոնաթա Քոլթըր»:


