Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խօսքը պաղեստինեան Համաս շարժումին ուղղելով «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Շալոմ» Համաս, կը նշանակէ «բարեւ» կամ «ցտեսութիւն»` կրնայ ընտրել: Բոլոր պատանդները հիմա ազատ արձակեցէ՛ք եւ ոչ թէ աւելի ուշ, եւ անմիջապէս վերադարձուցէք ձեր կողմէ սպաննուած մարդոց բոլոր մարմինները, այլապէս ձեզի համար ամէն ինչ աւարտած է: Միայն հիւանդ ու այլասերած մարդիկ դիակներ կը պահեն, իսկ դուք հիւանդ էք եւ այլասերած: Ես Իսրայէլին կը մատակարարեմ այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ է գործը աւարտելու համար: Համասի ոչ մէկ անդամ ապահով պիտի ըլլայ, այնքան ատեն որ չէք ըներ այն, ինչ որ ես կ՛ըսեմ: Ասիկա վերջին նախազգուշացումն է»:
Ան աւելցուց, որ այժմ ժամանակն է, որ Համասի ղեկավարութիւնը լքէ Կազան, քանի տակաւին կարելիութիւնը ունի: Դիմելով Կազայի բնակիչներուն` Սպիտակ տան ղեկավարը ըսած է, որ անոնց «հրաշալի ապագայ» կը սպասէ, սակայն ոչ այն պարագային, եթէ իսրայէլացի գերիները ազատ չարձակուին:
«Եթէ այդպէս վարուիք, ուրեմն մեռած էք, խելացի որոշում տուէք: Հիմա իսկ ազատ արձակեցէ՛ք պատանդները, այլապէս ձեզի համար դժոխք պիտի սկսի», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` գերիներու վերաբերեալ կատարուողին նկատմամբ համբերութիւնը սպառեցաւ»` յոյս յայտնելով, որ «Համաս Թրամփի իրմէ ճիշդ պահանջածը կ՛ընէ»:
«Համաս պէտք է Թրամփի սպառնալիքը լուրջի առնէ, որովհետեւ պիտի չըսէ բան մը, եթէ այդ վերաբերեալ լուրջ չէ», ըսաւ ան:
«Թրամփ գերիներու խնդիրը լուծերու տարածք եւ ժամանակ ստեղծեց, եւ ժամանակն է ատոր վերջ տալու», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Իսրայէլ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրեն հետ խորհրդակցած են գերիներու հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Ատամ Պոլըրի եւ Համասի միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւններու շուրջ:
Նախքան այդ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Համասի հետ ուղղակի հաղորդակցութիւններ գոյութիւն ունին: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նշեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ խորհրդակցութիւններու ընթացքին Իսրայէլ իր տեսակէտը յայտնեց Համասի հետ ուղղակի բանակցութիւններու վերաբերեալ»:
Համաս շարժումէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հաստատեց, որ ամերիկացի պատուիրակին հետ ուղղակի հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցած են տակաւին Կազայի մէջ կալանաւորուած ամերիկացի-իսրայէլացի գերիներու շուրջ:
Պաշտօնատարը նշեց. «Տեղի ունեցան հաղորդակցութիւններ եւ վերջին օրերուն Տոհայի մէջ Համասէն պաշտօնատարներու ու ամերիկացի պաշտօնատարներու միջեւ դէմ առ դէմ երկու հանդիպումներ, որոնք կեդրոնացան ազատ արձակման շուրջ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող շարք մը իսրայէլացի գերիներու, որոնցմէ ոմանք ողջ են, իսկ ուրիշներ` մահացած»:


