«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մեզի տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութիւնը փակելու մտադրութեան մասին», այս մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան ըսած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հասարակութեան հետ կապերու մասնագէտ Օրելի Լաշան:
Ան նշած է, որ ներկայիս իշխանութիւններուն հետ հաղորդակցութիւնները կը պահպանուին: «Ասիկա մեր գաղտնի եւ երկկողմանի երկխօսութեան մէկ մասն է», նշած է Լաշան:
Նշենք, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները պարբերաբար կ՛այցելեն Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն:


