«Հայաստանը չի կրնար միաժամանակ թէ՛ ԵԱՏՄ-ի, թէ՛ Եւրոպական Միութեան մէջ ըլլալ, երկիրը պէտք է ընտրութիւն կատարէ», այս մասին «24Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:
Ան վկայակոչած է ռուսական կողմին նախապէս արտայայտած դիրքորոշումը` կա՛մ Եւրոպական Միութիւն, կա՛մ ԵԱՏՄ, երկուքին մէջ կարելի չէ ըլլալ, իսկ ընտրութիւնը, ըստ դեսպանին, Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան իրաւունքն է:
«Եւ ատիկա ռուսական կողմի դիրքորոշումը չէ, այլ առարկայական իրականութեան հարց, որովհետեւ պետութիւնը չի կրնար միաժամանակ երկու մաքսային միութեան անդամ ըլլալ», նշած է դեսպանը եւ յիշեցուցած Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի խօսքերը` «Եւրոպական Միութեան անդամակցութեամբ Հայաստանը ինքն իրեն «Թայթանիք»-ի տոմս պիտի գնէ»:
Ընդգծելով, որ Հայաստանի ԵԱՏՄ-ի եւ Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը երկրի տնտեսական զարգացման առանցքային գործօններէն է` Քովիրքին նշած է, որ առայժմ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ընթացքը բացասական է:


