Գահիրէի մէջ երեքշաբթի, 4 մարտին գումարուած Արաբական արտակարգ վեհաժողովը իբրեւ արաբական միացեալ ծրագիր որդեգրեց Կազայի վերաշինութեան ծրագիրը, որ ներկայացուած էր Եգիպտոսի կողմէ Պաղեստինի եւ արաբական պետութիւններու հետ համակարգաբար:
Արաբական արտակարգ վեհաժողովը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց տեղակայելու միջազգային խաղաղապահ ուժ մը, որ կ՛իրագործէ պաղեստինցի եւ իսրայէլացի ժողովուրդներուն Այսրյորդանանի ու Կազայի մէջ անվտանգութեան ապահովումը եւ կ՛ըլլայ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման քաղաքական հեռանկարի ամրապնդման ծիրին մէջ:
Վեհաժողովը զգուշացուց պաղեստինցի ժողովուրդը տեղահանելու որեւէ փորձէ եւ նշեց, որ պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերու որեւէ մաս Իսրայէլի կցելու փորձերը շրջանը տագնապի նոր փուլի մէջ պիտի ներքաշեն, պիտի ականահարեն կայունութեան հաստատման առիթները եւ տագնապի ծիրը դէպի շրջանին մէջ այլ պետութիւններ պիտի ընդլայնեն, ինչ որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հիմերուն յստակ սպառնալիք է, կ՛ականահարէ ապագայ հորիզոնները եւ վերջ կու տայ շրջանի ժողովուրդներուն միջեւ համակեցութեան ձգտումներուն:
Գահիրէի Արաբական արտակարգ ժողովի հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ արաբական պետութիւնները կտրուկ կերպով կը մերժեն պաղեստինցի ժողովուրդը իր հողէն կամ հողերէն ներս տեղահանման որեւէ ձեւ, ինչ անուան, պայմանի, արդարացման կամ պատճառով ալ ըլլայ այդ, որովհետեւ միջազգային օրէնքի մեծ խախտում է, մարդկութեան դէմ ոճիր եւ ցեղային մաքրագործում:
Խորհրդաժողովը նաեւ դատապարտեց սովի մատնելու եւ հրկիզեալ հողի քաղաքականութիւնը, որուն նպատակը պաղեստինցի ժողովուրդը իր հողէն հեռանալ ստիպելն է:
Հաղորդագրութեան մէջ կոչ կ՛ուղղուի միջազգային ճնշումներ ապահովելու, որպէսզի Իսրայէլ հեռանայ բռնագրաւեալ արաբական բոլոր հողերէն, ներառեալ Սուրիայէն ու Լիբանանէն, եւ այդ աշխատանքը տանիլ տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ արաբ դեսպաններու խորհուրդներու, Արաբական լիկայի ներկայացուցչութիւններու միջեւ անհրաժեշտ համակարգումի ճամբով:
Արաբական վեհաժողովը անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը իր բոլոր կէտերով գործադրելը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը յարգելը: Վեհաժողովը դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ անոնց խախտումը, վերջինէս պահանջելով Լիբանանէն ամբողջական կերպով հեռանալ դէպի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններ, վերջին պատերազմի ընթացքին ձերբակալուած գերիները յանձնել եւ վերստին յարգել Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ 1949 թուականի զինադադարի պայմանները:
Արաբական վեհաժողովը յայտարարեց, որ Լիբանանի Հանրապետութեան, անոր անվտանգութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան կողքին կը կանգնի:


