Անցեալ շաբաթ Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցան «Ֆորմիւլա 1»-ի 2025 տարուան առաջին եւ վերջին փորձերը` երեք օրուան վրայ:
Երկու շաբաթ ետք Աւստրալիոյ մէջ պիտի սկսի տարեշրջանը, եւ բազմաթիւ վարորդներ շատ քիչ նկատեցին 22 ժամ տեւած փորձերը: Հակառակ կարճ ժամանակին, արդիւնքները բաւարար էին գաղափար ունենալու, թէ ի՛նչ կը սպասէ այս տարի:
«Ռետ Պուլ»-ի պարագային, ըստ երեւոյթին մասնաւոր յատկանշական բան չկայ եւ ընդհանուր մթնոլորտը կարծէք թէ ըսէր. «Ա՞յս է ամէն բան»:
Խումբը անցեալ տարի խոստացած էր փոփոխութիւններ կատարել, սակայն ըստ երեւոյթին «Ար.Պի.21»-ը… անցեալ տարուան «Ար.Պի. 20»-ին նման է: Վերջինս 2024-ին շատ դժուար մրցումներ ունեցաւ:
Աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն շատ բաներ փորձեց առջեւի թէ ետեւի թեւերուն վրայ, ինչպէս նաեւ աշխատելով «սեթ-ափ»-ներուն վրայ, բայց չկրցաւ բարելաւել արդիւնքը: Վերջին օրը 2-րդ դիրքը գրաւեց, բայց շատ դժուար պայմաններու մէջ, մինչ իր խմբակից Լիամ Լոսըն շատ աւելի վատ դիրքի վրայ էր, մանաւանդ որ իր առաջին օրուան փորձին մեքենային մէջ ջուր խառնուելով կիսատ լքած էր փորձերը:
Ատրիան Նիուի, որ լքած էր «Ռետ Պուլ»-ը, միացաւ «Ասթըն Մարթին»-ի, եւ այս շաբաթ պաշտօնապէս սկսաւ պաշտօնավարելու թեքնիք տնօրէնի դիրքին վրայ:
Ան մեծ գործ ունի կատարելիք «Ասթոն Մարթին»-ի հետ, որ չէ բարելաւած որեւէ բան 2023-ի ամրան արձակուրդէն ի վեր: Ճիշդ է, որ մասնաւոր հարցեր չէր ունեցած անցեալ տարուան «Էյ. Էմ. Ար. 25»-ը, եւ կարծէք Ֆեռնանտօ Ալոնսոյի եւ Լանս Սթրոլի մասնակի բողոքները լուծուած են, սակայն «Ասթոն Մարթին»-ը դանդաղ է եւ աւելի ետ մնացած «Ուիլիամս» – «Ալփին» զոյգէն:
«Ալփին» վերջապէս սկսած է ճիշդ ուղղութեամբ աշխատիլ: Անցեալ տարի այս ատեն ինքնաշարժը շատ դանդաղ եւ ծանր կը կշռէր: Սակայն կարգ մը փոփոխութիւններ 2024-ի վերջին ամիսներուն, մանաւանդ «Մաքլարեն»-ին Տէյվիտ Սանչեսի միանալով օգնեցին մանաւանդ Փիեր Կասլիի, որ վերջին դիքերէն բարձրանայ եւ բարձրացնէ «Ալփին»-ը 6-րդ դիրքի (ինքնաշարժներու ախոյեանութեան), մանաւանդ 5-րդ դիրքը գրաւելէ ետք Քաթարի մէջ, ինչ որ աւելի աղմուկ բարձրացուց, քան 3-րդ դիրքը` Պրազիլի մէջ: Նոր «Ալփին»-ը` Կասլիի եւ Ճեք Տուհընի հետ շատ լաւ արդիւնք ցուցաբերեց:
Ինչպէս անցեալ տարի, գանգատներ սկսան այժմէն իսկ, մանաւանդ «Ռետ Պուլ»-ի կողմէ, որ կարգ մը ինքնաշարժներու ետեւի պոչին վրայ մանր յաւելեալ թեւեր օգտագործելու հարցը արծարծեց: «Ֆեռարի» եւ «Մաքլարեն» այդ պոչիկները կը գործածէին փորձերու ընթացքին եւ ձեւով մը «Տի.Ար.Էս.»-ի նման յաւելեալ ուժ տալու կ՛օգնէին:
«Մաքլարեն» 2024-ին գործածած էր այդ մէկը, որուն համար «Ռետ Պուլ» բողոքած էր առանց պատասխան ստանալու: Ըստ երեւոյթին, այս տարի նոյն բանը պիտի շարունակուի:
«Սթէյք» խումբը անցուց շատ ձախող 2024 մը: «Քիք Սաուպըր», որ անցեալ տարի Վալթերի Պոթասի եւ Կուանեու Ժուի հետ յիշատակելի ոչ մէկ բան կատարեց, այս տարի ձեռք ձգած է Նիքօ Հուլքենպերկը, որ լքելով «Հաաս»-ը միացաւ խումբին, խմբակից ունենալով պրազիլցի նորեկ Կապրիել Պորթոլեթոն, որ «Ֆորմիւլա 2»-ի աշխարհի ախոյեանն էր անցեալ տարի:
Սկզբունքով յառաջիկայ տարի «Աուտի» ընկերութիւնը ձեռք պիտի ձգէ «Սթէյք»-ի խումբի ղեկը, սակայն այժմու վիճակը բնաւ լաւ չէ, եւ ոչ մէկ զգալի բարելաւում արձանագրուած է խումբին մէջ: Ընդհակառակն` ինքնաշարժը կը մնայ շրջավազքի ամէնէն դանդաղը, ուր միայն Հուլքենպերկի անունը յարգանքի արժանի կ՛երեւի խումբին մէջ:
Դէպի յառաջ քայլ առնելու անկարող վիճակը լաւապէս ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն դժուար գործի առջեւ պիտի գտնուի «Աուտի»-ն յառաջիկայ տարի: Նոյնիսկ յառաջիկայ տարեշրջանի օրէնքներու փոփոխութիւններուն համար պատրաստուելու կարողութիւնն ալ ըստ երեւոյթին չունի «Սթէյք» խումբը:
Եզրակացնելով կրնանք ըսել, որ 2025 տարին, ինչ որ տեսանք փորձերուն, կրնայ ըլլալ մեծ մասամբ «Մաքլարեն» – «Ֆեռարի» զոյգին ի նպաստ, մինչ «Ռետ Պուլ» 3-րդ դիրքին վրայ կրնայ պայքարիլ, իսկ «Մերսետես» քիչ մը աւելի նուազ յոյս ունի 4-րդ դիրքին վրայ:
Լուիս Համիլթընի միացումով` «Ֆեռարի»-ին, իտալական խումբը կրնայ աւելի լուրջ մրցակից ըլլալ «Մաքլարեն»-ին, մինչ «Ռետ Պուլ»-ին Լիամ Լոսընի միացումէն ետք (Սերխիօ Փերեսի փոխարէն) նուազած է «Ռետ Պուլ»-ի կէտեր շահելու կարողութիւնը, իսկ Համիլթընի նախկին խումբին` «Մերսետես»-ի նոր վարորդ Քիմի Անթոնելլիի ժամանումով, Ճորճ Ռասըլ դժուարութիւն պիտի ունենայ քայլ պահելու առաջին երեք խումբերուն հետ, անշուշտ ըստ «Ֆորմիւլա 1»-ի մասնագէտներու կարծիքին:


