Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան «Հերմես 450» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը շատ ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարած է Սուր քաղաքի եւ մերձակայ գիւղերուն վրայ:

Աւելի ուշ, «Նաշրա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Սուր գաւառի Ռաշքնանիէ գիւղին մէջ հարուածած է ինքնաշարժ մը: Արձանագրուած է զոհ մը:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի «Ռատուան» յատուկ ուժին մէջ առանցքային անձնաւորութիւն մը սպաննեց»:

– ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը հինգշաբթի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ պիտի գումարէ ժողով մը:

Ասիկա կառավարութեան խորհրդարանին վստահութեան քուէն ստանալէն եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Սէուտական Արաբիա այցելութենէն ու Գահիրէի մէջ Արաբական արտակարգ վեհաժողովին մասնակցելէն ետք առաջին ժողովը պիտի ըլլայ:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարք Տաու քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի նիւթական օժանդակութիւններ ստանալու համար միջազգային ապահովական պայմանը, ըստ որուն Հըզպալլան պէտք է պարպէ Լիթանի գետի հարաւային շրջանը, զէնքը յանձնէ պետութեան, բանակը տեղակայուի հարաւային Լիբանանի մէջ եւ իր վերահսկողութիւնը հաստատէ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ, գործադրութեան ընթացքի մէջ է եւ ամբողջովին անջատ է վերաշինութեան երթէն»:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Դիտարկէ Խաղաղութեան Հիմնադրամէն Հայաստանին Եւս 10 Միլիոն Եւրոյի Օժանդակութեան Տրամադրումը

Յաջորդը

Հնդկաստանի Դեսպանատան Կազմակերպած Կլոր Սեղանի Ընթացքին. Պայրագտարեան Խօսեցաւ Երիտասարդութեան Համար Թուայնացած Հարթակի Ստեղծման Մասին

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.