Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Պիտի չարտօնենք, որ հարաւային Սուրիան հարաւային Լիբանանի պէս ըլլայ»:
Քաց յայտնեց, որ սուրիական բանակի հարաւային Սուրիոյ մէջ կարողութիւններ կառուցելու որեւէ փորձ կրակոցի պիտի ենթարկուի:
Ան յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը Թել Աւիւի ճշդած ապազինման նոր քաղաքականութեան ծիրին մէջ ներկայիս ուժգին կերպով յարձակում կը գործէ հարաւային Սուրիա:
Իսրայէլեան բանակը երեքշաբթի կէս գիշերին յայտարարեց, որ անցնող ժամերուն յարձակում գործած է հարաւային Սուրիոյ շրջանին մէջ զինուորական թիրախներու, որոնց շարքին հրամանատարական կեդրոններու եւ մարտական միջոցներ պարունակող դիրքերու վրայ:
Իսրայէլեան բանակի բանբերը նշեց, որ հարաւային Սուրիոյ մէջ մարտական միջոցներու եւ զինուորական ուժերու գոյութիւնը Իսրայէլի քաղաքացիներուն սպառնալիք կը ներկայացնէ, ուստի իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ Իսրայէլի քաղաքացիերուն որեւէ սպառնալիքի վերացման աշխատանքը:


