«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով ռուս բարձրաստիճան աղբիւր մը, հաղորդեց. «Ռուսիան պիտի չհամաձայնի Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը արտայանձնել, եւ իրմէ ատիկա չուզուեցաւ»:
Դամասկոսի մէջ դիւանագէտ մը իր կարգին յայտնած է. «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ պահանջեց սուրիական գումարները, որոնք իր կառավարութիւնը կը կարծէ, թէ Ասատ պահ դրած է Մոսկուայի մէջ, սակայն ռուսական պատուիրակութիւնը հերքեց այդ պնդումը»:


