Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 1, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Հատաս»-ին յայտնած են. «Իսրայէլ Լիբանանին յայտնեց, որ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները իր հարուածներէն զերծ պիտի չկացուցէ, եթէ Հըզպալլայի կողմէ համաձայնութեան խախտումը շարունակուի»:

«Իսրայէլ պաշտօնապէս Լիբանանին փոխանցեց, թէ Հըզպալլայի բոլոր կէտերը պիտի թիրախաւորէ, եւ լիբանանցի պաշտօնատարներուն կոչ ուղղած է` Հըզպալլան զգուշացնել համաձայնութիւնը խախտելուն հետեւանքներէն», ըսած են աղբիւրները` աւելցնելով. «Իսրայէլ լիբանանցի պաշտօնատարներուն նաեւ թելադրեց, որ անոնք Հըզպալլայի յայտնեն, թէ պէտք է դադրեցնէ Հերմելի մէջ զէնքի փոխադրումը»:

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Նահար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիոյ մէջ կ՛ողջունուի, եւ անոր այցելութեան արդիւնքները մեծ պիտի ըլլան, որովհետեւ Պէյրութի եւ Ռիատի միջեւ յարաբերութիւնները վերադարձած են իրենց լաւագոյն փուլին»:

– «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը գրէ, որ նախագահ Ժոզեֆ Աունի Ռիատ այցելութիւնը պիտի ըլլայ արագ, որովհետեւ մէկ օր պիտի տեւէ, ան այնուհետեւ պիտի մեկնի Գահիրէ` մասնակցելու համար Արաբական վեհաժողովին: Ըստ օրաթեթին, այցելութեան նպատակը թագաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնելն է Լիբանանին տրամադրած աջակցութեան համար, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի նախագահի ընտրութեան ապահովման, այցելութեան ընթացքին երկկողմանի համաձայնագիրներու ստորագրում տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ անոնք տակաւին պատրաստ չեն, եւ պիտի ստորագրուին նախագահ Աունի հետագային առնչակից նախարարներու ընկերակցութեամբ Ռիատ այցելութեան ընթացքին:

– ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են. «Հարաւային Լիբանանի մէջ կէտերու վրայ իսրայէլեան ուժերու ներկայութիւնը կապ չունի անվտանգութեան իրականութեան հետ, այլ անոր նպատակը ունենալն է բանակցային ճնշման քարտեր, որոնք հետագային կրնան օգտագործուիլ շրջանի երկիրներուն, ներառեալ Լիբանանին Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում պարտադրելու ամերիկեան ծրագիրին ծիրին մէջ»:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնեն, որ կառավարութեան խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալուն յաջորդող փուլը տարբեր է անկէ առաջուընէ, ուստի «այսօրուընէ կը սկսի լրջութիւնը, եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամն ու նախարարները պէտք է իրենց թեւերը սոթտեն եւ մեկնարկը տան բոլոր ուղղութիւններով վերականգնման աշխատանքին»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ հինգշաբթի օր Հերմելի վրայ օդային յարձակումի ընթացքին թիրախաւորած է Մոհամետ Շահինը` պնդելով. «Շահին Սուրիայէն Հըզպալլային զէնքի փոխադրութեան վրայ կ՛աշխատէր»:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Ռուս-Ամերիկեան Պատուիրակութիւնները Թուրքիոյ Մէջ Ճշդեցին Երկկողմանի Դիւանագիտական Աշխատանքի Բնականոնացման Քայլերը»

Յաջորդը

Ռաժժի. «Ոչ Ոք Մեզի Հետ Իսրայէլի Հետ Խաղաղութեան Հարցը Արծարծեց. Ատիկա Զգայուն Հարց Է Եւ Արծարծուելու Պարագային Նախարարաց Խորհուրդին Մէջ Կը Քննարկուի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.