Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Համաձայնութիւն` 4 Իսրայէլացիներու Դիակներու Դիմաց Պաղեստինցիներու Առկախուած Ազատ Արձակումի Կատարման Շուրջ

February 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է գերիներու վերջին փոխանակման ընթացքին ազատ չարձակուած պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման շուրջ:

Համաս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ գերիները ազատ պիտի արձակուին Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան առաջին փուլի ընթացքին իսրայէլացի գերիներու դիակներու յանձնման հետ միաժամանակ:

«Գահիրա Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը նախքան այդ հաղորդած էր, որ միջնորդները գոյացուցած են համաձայնութիւն, որուն հիմամբ Իսրայէլ ազատ պիտի արձակէ այն բոլոր գերիները, որոնք անցեալ շաբաթ որոշուած էր, որ ազատ արձակէ, որուն դիմաց պաղեստինեան շարժումը 4 իսրայէլացիներու դիակներ պիտի յանձնէ:

Իսրայէլ անցեալ շաբաթ օր ետդարձ կատարեց 4 դիակներուն եւ նոյն օրը ազատ արձակուած իսրայէլացի 6 գերիներու դիմաց 620 պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակումէն:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մատնանշեց իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման եւ դիակներու յանձնման ընթացքին «վարկաբեկիչ արարողութիւն»-ը:

Նախքան այդ, իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Իսրայէլ քննարկում կը կատարէ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան 42-օրեայ առաջին փուլի երկարաձգման շուրջ` ջանալով ապահովել ազատ արձակումը 63 իսրայէլացի գերիներու, որոնք տակաւին Կազա կը գտնուին, եւ ներկայիս յետաձգել Կազայի ապագային շուրջ համաձայնութիւնը:

19 յունուարին սկսած առաջին փուլը կ՛աւարտի շաբաթ օր:

 

Նախորդը

Ռուպիօ. «Թրամփ Վարչակազմը Կը Ջանայ Ռուսիան Չինաստանէն Անջատել Եւ Համաշխարհային Մակարդակի Վրայ Ամերիկեան Իշխանութիւնը Վերականգնել»

Յաջորդը

Նշելով, Որ «Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմի Խնդիրը Արագօրէն Պիտի Լուծուի». Թրամփ. «Զելենսքին Ուրբաթ Օր Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ Ստորագրելու Համար Մետաղներու Համաձայնութիւնը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.