Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սելիմ Աուն. «Ազգային Ազատ Հոսանքին Ուղղուածութիւնը Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Չշնորհելն Է»

February 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Սելիմ Աուն «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր Լիբանանի առջեւ գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրը մնացեալ բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումն է, եւ գնդակը պետութեան դաշտն է, որովհետեւ ջանքերու ձախողութիւնը Հըզպալլային պատրուակ կ՛ընծայէ, թէ պետութեան անկարողութեան լոյսին տակ իր զինուորական ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է»:

«Հըզպալլան իրապաշտ մօտեցում կը ցուցաբերէ եւ կ՛ընդունի, որ անսպասելի մեծ հարուած ստացաւ, սակայն միեւնոյն ժամանակ չզգետնուեցաւ եւ տակաւին հզօր է, բացերը գոցելու եւ քաղաքական բեմին վրայ ուժեղ կերպով մնալու կարող», նշեց Աուն:

Անդրադառնալով սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան` երեսփոխանը ըսաւ. «Յուղարկաւորութիւնը դրական առումով սպասելի էր»` աւելցնելով, որ ինք ժողովրդային մեծ զօրակցութենէն անակնկալի չէ մատնուած:

Ինչ կը վերաբերի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարին յուղարկաւորութեան ներկայ չըլլալուն նկատմամբ դժգոհութեան, Աուն նախընտրեց այդպիսի մանրամասնութիւն մը յուղարկաւորութեան կարեւորութենէն մեկնելով չմեկնաբանել` աւելցնելով. «Երանի դժգոհութիւնը ուրիշներուն ուղղուի փոխան Ազգային ազատ հոսանքին»:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կ՛ուղղուի կառավարութեան վստահութեան քուէ չշնորհելու»:

Անդրադառնալով կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին` ան յայտնեց. «Կէտերը լաւ են, սակայն կառավարութեան կազմութեան ընթացքին վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ փորձառութիւնը քաջալերական չէր»` աւելցնելով. «Կապը չկտրուեցաւ, սակայն պէտք եղած մակարդակի վրայ չէ»:

Նախորդը

Սայեղ. «Օդակայանի Ճամբան Կուսակցութեան Մը Կամ Համայնքի Մը Սեփականութիւնը Չէ Եւ Պէտք Է Բանակին Ու Ապահովական Ուժերուն Կողմէ Պաշտպանուած Ըլլայ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի Մէջ Ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.