Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

February 25, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակը միշտ եղած են Հայաստանն ու Հայաստանի պետականութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, ասոնց կողքին ունենալով Հայ դատի ի նպաստ մղուած պայքարը եւ Արցախի հայկականութիւնը, ինչ որ Հայաստանի դէմ ուղղուած պայքար մը չէ, ինչպէս որ կը ներկայացնէ Նիկոլ Փաշինեան, ինչ որ իր հերթական պատճառաբանութիւններէն մին կը սեպուի նոր զիջումներու շարք մը հրապարակ նետելու համար:

Այսօրուան Հայաստանի իշխանութիւնը փաստօրէն կը սատարէ Ազրպէյճանին` վաւերացնելու համար Արցախի, Հայաստանի եւ հայութեան դէմ գործադրուած յանցագործութիւնները, հրաժարելով այն չորս հայցերէն, որոնք Հայաստանի կողմէ ներկայացուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` ընդդէմ Ազրպէյճանին:

Առաջին հայցը կը վերաբերի 44-օրեայ պատերազմին, հոն կը նշուի, որ Ազրպէյճան խախտած է Արցախի ու Հայաստանի բնակչութեան մարդկային շարք մը իրաւունքները: Հրաժարիլ այս հայցէն` կը նշանակէ արդարացնել Ազրպէյճանի բոլոր ոտնձգութիւնները:

Երկրորդ հայցը կը վերաբերի Ազրպէյճանի մէջ ապօրիաբար պահուող հայերու բանտարկութեան: Հրաժարիլ այս հայցէն` կը նշանակէ ընդունիլ Արցախի գոյութիւնը` իբրեւ յանցագործութիւն եւ Արցախի գերի առնուած ռազմաքաղաքական ղեկավարները ճանչնալ իբրեւ յանցակից:

Երրորդ հայցը կը վերաբերի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ գտնուող Ազրպէյճանի անօրէն ներկայութեան: Հրաժարիլ այս հայցէն` կը նշանակէ արդարացնել Ազրպէյճանի անօրէն ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ:

Իսկ չորրորդ հայցը կը վերաբերի Արցախի Հանրապետութեան մէջ մարտ 2022-էն ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն` Փառուխ եւ Քարագլուխ գիւղերու մարտերը, Բերձորի միջանցքի արգելափակումը, Արցախի շրջափակումը, սեպտեմբեր 2023-ի արցախցիներուն բռնի տեղահանումը: Հրաժարիլ այս հայցէն կը նշանակէ արդարացնել Ազրպէյճանի ցեղային մաքրագործումը:

Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր մէկ նպատակ ունեցած է` հայրենիք ու հայ ազգ, եւ այս նպատակէն ոչ մէկ անգամ շեղած է եւ կամ ոչ մէկ ձեւով հրաժարած է, որքան ալ որ փոխուած են ժամանակները, որքան ալ որ փոխուած են մարդիկ: Դաշնակցութեան համար նորութիւն մը չէ դաւաճաններու դէմ ճակատիլ: Շատեր փորձած են ՀՅԴ-ի անունը աղաւաղել, բայց միշտ ձախողած են, որովհետեւ արդար է անոր նպատակը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը:

Նախորդը

Ռազմականացուած Ճարտարապետութիւն

Յաջորդը

Սփիւռքահայ Երգիչ Ատիս Հարմանտեանի Նուիրուած Երգահանդէս

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.