Լիբանանի առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն հեռաձայնեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին:
Առաջին տիկինը նշեց, որ երիտասարդութեան ոլորտը կարիքը ունի յատուկ հոգատարութեան` մաղթելով, որ ջանքերը Լիբանանի համար կը միատեղուին, եւ փափաք յայտնեց այդ նպատակի իրագործման համար նախարար Պայրագտարեանի հետ գործակցելու:


