Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կալուածային Խնդիրներէն Անդին

February 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երուսաղէմի պատրիարքութեան կալուածներու խնդիրը իրաւական գետնի վրայ կը բացատրուի կուտակուած պարտքերու դիմաց  առնուած քայլով: Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները առաջադրած են բռնագրաւել կալուածները, աճուրդի հանել եւ այդպիսով մարել պատրիարքութեան տասնամեակներու վրայ կուտակուած պարտքը:

Այստեղ պարտքերու կուտակման, անոնց շիջման եղանակներու, կողմերու միջեւ կայացած համաձայնութիւններու եւ  զուտ իրաւական լուծման մանրամասնութիւնները կը թուի, որ  երկրորդական նշանակութիւն ունին: Պարզ է, որ պարտքերու կուտակումը վարչակառավարման բացթողում կ՛ենթադրէ, մանաւանդ եթէ այդ ուղղութեամբ շիջման եղանակներ չեն որդեգրուած եւ տարիներու վրայ կարելի չէ եղած լուծումի յանգիլ:

Խնդիրը քաղաքական առանցք ունի: Այս կալուածները, որոնց նկատմամբ առաջին ոտնձգութիւնները չէ, որ տեղի կ՛ունենան, դարաւոր ժառանգութեան մաս կը կազմեն եւ հայութեան պատմական իրաւունքներուն մաս կը կազմեն:

Երուսաղէմը միաստուածեան կրօններու համաշխարհային կեդրոն է, ուր համատեղուած են այդ կրօններն ու անոնց հետեւող դաւանանքները: Այնքան մանրամասնութեամբ որոշուած են իւրաքանչիւրի չափաբաժինը, իրաւունքը, նոյնիսկ ծիսակատարութիւններու ընթացքին իւրաքանչիւրին վերապահուած իրաւունքը, արարողութիւն կատարելու յաջորդականութիւնը, սրբավայրերու դուռ բանալ-փակելու մենաշնորհները, որ ամբողջ համակարգ մը կը խարխլի, եթէ խախտին այդ օրինաչափութիւնները:

Աշխարհը ականատես կ՛ըլլայ տարբեր արարողութիւններու ընթացքին ծագած վէճերու, բռնութիւններու, կռիւներու, ուր իսրայէլեան իրաւապահ մարմինները ոչ անպայման զսպելու կամ կարգաւորելու նպատակով ծառայութիւններ կ՛իրականացնեն:

Կալուածներու այս խնդիրի արծարծումէն առաջ եւ անոր ընթացքին բազմաթիւ անգամներ հրեայ ծայրայեղականութեան ներկայացուցիչներ ուղղակի հայերը վտարելու կոչերով եւ համապատասխան գործողութիւններով հանդէս եկան հայապատկան թաղամասերու մէջ:

Կը թուի, որ այս անհանդուրժողականութիւնը կամ հակահայ գրգռութիւնները միայն ծայրայեղականութեան  ակունքներէ չեն բխիր: Մանաւանդ Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները կը հետեւին պաշտօնական Թել Աւիւին, յատկապէս Երուսաղէմ քաղաքի  նոր կարգավիճակի ապահովման քաղաքականութեան առումով:

Պարզ է, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահը իր նախորդ պաշտօնավարման ընթացքին առաջադրած էր Երուսաղէմը դարձնել Իսրայէլի մայրաքաղաք: Այդ առաջադրանքի ուղղութեամբ որոշ քայլեր առնուեցան` դեսպանատուներու Երուսաղէմ տեղափոխումով: Կարգավիճակը չփոխուեցաւ սակայն: Թրամփի վերընտրութիւնը յայտնապէս կրնայ քաջալերած ըլլալ Թել Աւիւն ու Երուսաղէմի իշխանութիւնները:

Աւելի հեռանանք շարժառիթներու որոնման քաղաքական հայեցակէտերու առումով եւ նկատենք Իսրայէլ-Ազրպէյճան խորացող համագործակցութիւնը եւ ինչու չէ դէպի Պաքու ուղղուող ուղերձը այս բոլորին մէջ:

Թել Աւիւը անհանգիստ է «երկու պետութիւն» բանաձեւի հիման վրայ միջազգայնացուող օրակարգէն, ուր յստակ պատկերացում կայ նաեւ Երուսաղէմի կարգավիճակին մասին Արեւելեան, Արեւմտեան բաժիններով:

Միւս կրօններն ու դաւանանքները կալուածային յարձակումներու չեն ենթարկուիր հայոց նման: Այստեղ է, որ հայկական առաջնահերթութիւնը մտածել կու տայ Թել Աւիւ-Պաքու գործակցութեան մասին: Աւելի հեռահար կտրուածքով հարուածը կրնայ հասնիլ  յոյներուն, լատիններուն, արաբներուն, որոնք այլապէս արդէն հալածանքի տակ են:

Դարաւոր ժառանգութեան մը կորուստին ահազանգը կը հնչեցնեն երուսաղէմահայութեան ներկայացուցիչները: Եթէ ընդունինք, որ խնդիրը պարտք կուտակել-մարելու մէջ չի կայանար, այլ քաղաքի մը կարգավիճակի վերափոխման, որուն ընդառաջ տարբեր կրօններու եւ դաւանանքներու ունեզրկումին, ապա պէտք է մտածել իրաւունքներու փրկութեան համար աւելի ընդգրկուն ներգրաւումի մասին` պետութիւն եւ սփիւռք հասկացողութեամբ:

«Ա.»

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կարգ Մը Նախապայմաններով Լիբանանին Կէս Միլիառ Եւրօ Պիտի Տրամադրէ

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 192-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.