Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Դուրս Ձգեց Սիթին. Եուվէ Հետեւեցաւ Ա. Սէ. Միլանի Եւ Աթալանթայի Քայլերուն

February 21, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի փլէյ-օֆի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 3-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Անգլիոյ վերջին տարիներու «հսկայ» Մանչեսթըր Սիթին:

Ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ հեթ-թրիք մը իրագործեց` օգտուելով Ռէալի խմբային խաղարկութենէն: Առաջին կոլին ան գեղեցիկ փոխանցում մը ստացաւ Ռաուլ Ասենսիոյէն եւ գնդակը ղրկելով բերդապահ Էտերսոնի գլխուն վրայէն լոպով մը նշանակեց առաջին կոլը, մինչ ետին մնացած էին Ռուպեն Տիաշ եւ ուշ հասած Ճոն Սթոնզ, որ կոլէն (4-րդ վայրկեանին) 4 վայրկեան ետք փոխարինուեցաւ Նաթան Աքէով, ցաւ զգալուն պատճառով:

33-րդ վայրկեանին, գեղեցիկ փոխանցումներէ ետք գնդակը հասաւ Վինիսիուսի, որ աջ վազելով ձախ փոխանցեց` Ռոտրիկոյին, մինչ Էմպափէ ձախէն աջ կը վազէր եւ շուտով ստացաւ գնդակը եւ խաբելէ ետք Խուսանովը նշանակեց 2-րդ կոլը:

61-րդ վայրկեանին Էմպափէ գնդակը ստանալէ ետք աջ կողմէն դէպի ձախ երթալով տուաւ յանկարծակի հարուած մը,  որ անակնկալի բերաւ Էտերսոնը` նշանակելով Ռէալի 3-րդ կոլը:

92-րդ վայրկեանին Օմար Մարմուշի ազատ հարուածը զսպուելէ ետք Ռէալ Մատրիտի բերդի ձողէն վերադարձաւ Նիքոյի, որ նշանակեց Սիթիի միակ կոլը:

Նշենք, որ Հաալանտ չէր մասնակցած այս մրցումին` հանգիստ չզգալուն պատճառով, փոխարինուած էր եգիպտացի Օմար Մարմուշով:

Կուարտիոլա մրցումէն ետք յայտնեց, թէ առաջին անգամ ըլլալով Մանչեսթըր Սիթին լաւ ֆութպոլ չցուցաբերեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին` շնորհաւորելով Ռէալ Մատրիտը, որ արժանի էր յաղթանակի:

2 օրուան ընթացքին, իտալական 3-րդ խումբ մըն ալ` Եուվենթուս Նետերլանտներու մէջ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ՓՍՎ Այնտհովընէն եւ դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-էն, հետեւելով Ա. Սէ. Միլանին եւ Աթլանթային: Ա. Սէ. Միլանն ու Նետերլանտներու ակումբ Ֆեյէնուրտի պատճառով դուրս մնացած էր, Ինթեր Միլանը առանձին ձգելով իբրեւ իտալական ֆութպոլի ներկայացուցիչ:

Փարիզ Սեն Ժերմեն 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց եւրոպական փորձառութիւն չունեցող Պրեսթը: Պարքոլա, Քվարացխելիա, Վեթինիա, Տուէ, Մենտեշ, Ռամոս եւ Մայուլու նշանակեցին ֆրանսական ակումբին կոլերը:

Տորթմունտ, որ կը հիւրընկալէր Սփորթինկ Լիզպոնը, առանց կոլի աւարտեց մրցումը, որուն երթի արդիւնքը արդէն իսկ ձեւով մը վերջ դրած էր Սփորթինկի յոյսերուն` իր դաշտին վրայ 3 կոլ ստանալէ ետք (0-3):

Այսօր կէսօրին կը յստականան բոլոր խումբերուն մրցակիցները:

Փարիզ Սեն Ժերմեն իր դէմ պիտի ունենայ Լիվըրփուլը կամ Պարսելոնան, Պենֆիքան ալ` Պարսելոնա – Լիվըրփուլ զոյգէն մէկը:

Ռէալ Մատրիտ իր դէմ պիտի ունենայ Աթլեթիքօ Մատրիտը կամ Պայեր Լեւերքուզընը, մինչ Պայերն Միւնիխն ալ այս զոյգէն մէկը կը սպասէ: ՓՍՎ Այնտհովըն եւ Ֆեյենուրտ Ռոթերտամ իրենց դէմ պիտի ունենան Արսենալ – Ինթեր Միլան զոյգէն մէկը, մինչ Ֆ. Ք. Պրիւժ եւ Պորուսիա Տորթմունտ պիտի մրցին Ասթոն Վիլա – Լիլ զոյգէն մէկուն դէմ:

 

Նախորդը

Վինիսիուս Ժունիոր Փորթուգալական Ակումբի Սեփականատէր

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Պարտութիւն Կրեց Հորնեթցէն

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.