Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. «Հաքա Պատրի…»

February 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ամէ՛ն անգամ, որ Նիկոլ Փաշինեան բերանը բանայ եւ նոր «հնարք» մը նետէ ժողովուրդին, կը մտաբերեմ արաբական ծանօթ խօսք մը` «Հաքա Պատրի ուա ինշարահա սատրի», որ կը նշանակէ` «Պատրին խօսեցաւ եւ հոգիս հանգստացաւ»:

Պատրին սնամէջ, անմիտ, տխմար մարդ մըն է, որ ընդհանրապէս լուռ կը մնայ, իսկ երբ ի վերջոյ խօսի, ապուշ-ապուշ դուրս կու տայ: Յիշեալ խօսքին երկրորդ բաժինը, թէ` «Պատրիին ըսածով հոգիս հանգստացաւ»` տխուր երգիծանք մը ունի, որովհետեւ ըսել կ՛ուզէ, որ Պատրիէն հոգի հանգստացնող որեւէ բան կարելի չէ սպասել: Ի դէպ, արաբները նման դատարկաբաններու մասին ունին ուրիշ պատկերաւոր խօսք մը, որ կը սկսի «եա-ռէյթ…» բառով (երանի թէ լռէիր իմաստով), սակայն զայն այստեղ ամբողջութեամբ արձանագրելը վիրաւորանք պիտի ըլլայ ընթերցողիս:

Նիկոլական սնանկաբանութիւններու շղթային վրայ օղակ մըն ալ աւելցաւ հիմա, երբ մարդուկը նիւթական դժուարութեան մատնուած երեւանաբնակ բնականատէրերու (որոնց շարքին` տարեցներ) թելադրեց իրենց տունը վարձու տալ եւ տեղափոխուիլ գիւղ մը եւ վարձքին եկամուտով հանգի՜ստ ապրիլ: Չնաշխարհիկ մտածում մը, որուն տարբերակները մերթ ընդ մերթ դուրս կը ցատկեն ուղեղէն(՞): Անշուշտ հակադարձութիւնը չուշացաւ, ու մարդիկ հարց տուին, թէ ինչո՞ւ պէտք է ստիպուին տուն-տեղ ձգել եւ գիւղ երթալ (արդեօք հարցնող եղա՞ւ, թէ ՔՊ-ական իշխանութիւնները որքա՞ն հոգածու են գիւղերուն…):

Արաբական առածի Պատրիէն` Նիկոլին տարբերութիւնը այն է, որ Պատրին սակաւախօս է, մինչդեռ ՔՊ-ապետը` շատախօս, օրական քանի մը անգամ «կը հանգստացնէ» հայաստանաբնակ եւ սփիւռքցի հայերու հոգիները. կը յիշեցնէ Օտեանի Փանջունին, որ երբ սկսաւ խօսիլ, քանդածները հրամցուց «կը շինեմ, հայրիկ»-ով…

… Նման «գիւտեր» կը յիշեցնեն ուրիշ հնարամիտ մը` ֆրանսացի թագուհի՛ մը, որ կը կոչուէր Մարի Անթուանեթ: Ան էր, որ ցոյցի ելած անօթի ամբոխներուն կը թելադրէր «հացի փոխարէն կարկանդակ ուտել»: Ֆրանսացի թագուհիին վախճանն ալ ծանօթ է. զայն հանեցին կառափնատ եւ գլխատեցին: Հիմա, թէեւ մահապատիժը ի պատուի չէ, սակայն կայ քաղաքական գլխատումի ընտրանքը, երբ անհաշուելի ձախաւերութիւններուն եւ հայրենիքին հասած կորուստներուն թղթածրարը բացուի արդարութեան սեղանին վրայ:

13 փետրուար 2025

Նախորդը

Ֆլիք Դժգոհ Է Քունտէէն

Յաջորդը

Դէպի Նոր Աշխարհաքաղաքական Բեւեռացում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.