Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առանց Պաղեստինցիներու Տեղահանութեան Կազայի Վերակառուցման Արաբական Ծրագիր

February 13, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յայտարարեց, թէ առանց պաղեստինցիներու տեղահանութեան Կազայի վերակառուցման արաբական-եգիպտական-պաղեստինեան ծրագիր մը գոյութիւն ունի: Ան յաւելեալ մանրամասնութիւն չներկայացուց:

Սաֆատի յորդանանեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է շարունակել Կազա օժանդակութիւններու ուղարկումը եւ զինադադարի ամրապնդումը:

«Յորդանանի շահերը հիմնուած են Յորդանանը յորդանանցիներուն եւ Պաղեստինը պաղեստինցիներուն սկզբունքին վրայ», աւելցուց ան` նշելով, որ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին գործնական գաղափարներ ներկայացուցած է:

Սաֆատի ըսաւ, որ թագաւորը ընդգծած է, թէ պաղեստինեան հողի վրայ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ստեղծման միակ ուղին է:

Ան նշեց, որ Թրամփ շեշտած է շրջանի կայունութեան աջակցութեան մէջ Յորդանանի առանցքային դերակատարութիւնը: «Արաբական համակարգումով ու աշխուժ կերպով կ՛աշխատինք այս պահը ներդրելու անկախ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման համար», աւելցուց յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը:

Յորդանանի թագաւորական արքունիքը իր կարգին հաղորդեց, որ Ապտալլա Բ. թագաւորը Սպիտակ տան մէջ Թրամփի հետ իր հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ Յորդանանի շահը ամէն բանէ վեր պիտի դասէ` շեշտելով, որ շրջանին մէջ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման իրագործումը հաւաքական պատասխանատուութիւն է: Ան նշած է. «Գոյութիւն ունի Կազայի վերաբերեալ ծրագիր մը, որ Եգիպտոսն ու արաբական պետութիւնները պիտի ներկայացնեն»` աւելցնելով, որ կարեւոր է գտնել լուծում մը, որ բոլորի շահերուն համահունչ է եւ նկատի կ՛ունենայ ժողովուրդներուն, մասնաւորաբար յորդանանցի ժողովուրդի շահերը:

Յորդանանի թագաւորական արքունիքը յայտնեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի մէջ արձանագրուող զարգացումները: Թագաւորը նշած է, որ անհրաժեշտ է պէտք եղած քայլերը որդեգրել` կանխարգիլելու համար կացութեան վատթարացումը:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը իր կարգին ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարեց. «Վերահաստատեցի Կազայէն ու Այսրյորդանանէն պաղեստինցիներու տեղահանման դէմ Յորդանանի հաստատ դիրքորոշումը: Բոլորին առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ Կազայի վերակառուցումը` առանց անոր բնակչութեան տեղահանման, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ մարդասիրական դժուար կացութեան նկատմամբ աշխատիլը»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Գահիրէն կը ծրագրէ Կազայի վերաշինութեան համապարփակ ծրագիր մը, որ պաղեստինցիներուն իրենց հողերուն վրայ մնալը կ՛երաշխաւորէ:

Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Գահիրէն անհամբեր կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ գործակցելուն` շրջանին մէջ համապարփակ եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար:

«Գահիրա Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը, մէջբերելով եգիպտական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Եգիպտոս կը հաստատէ Կազայի բնակիչներուն բնակեցման յատկացման որեւէ ծրագիր, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնայ պաղեստինցիները իրենց հողերէն չտեղահանելուն կամ զանոնք այլուր չբնակեցնելուն:

Աղբիւրներ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի Ուաշինկթըն այցելութիւնը ցնոր տնօրինութիւն յետաձգուած է` նշելով, որ Եգիպտոս կը շեշտէ, որ Կազայի բնակիչներու բնակեցման համար որեւէ տարածք պիտի չտրամադրէ, եւ Գահիրէն զայրացած է Իսրայէլի ու Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւններէն եւ այդ առնչութեամբ յստակ պատգամ յղած է Ուաշինկթընին:

Աղբիւրները յայտնած են, թէ Եգիպտոս Ուաշինկթընէն բացատրութիւն պահանջած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պատժամիջոցներ հաստատելու վերաբերեալ յայտարարութեան մասին, եւ Եգիպտոս առանց Կազայի բնակչութեան տեղահանման Կազայի վերակառուցման երկու ծրագիրներ ունի:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ Կազայի վերաշինութեան որեւէ լուծում «պէտք չէ պաղեստինցիներու իրաւունքներն ու շրջանային գերիշխանութիւնը չյարգելու գնով ըլլայ»:

«Կազայի պաղեստինցիները չեն ուզեր արտասահմանի մէջ բնակեցուիլ, շրջանային պետութիւնները եւս այդ կը մերժեն», ըսաւ Մաքրոն` աւելցնելով. «Չես կրնար երկու միլիոն անձի ըսել` Կազայի մէջ ձեր քաղաքները` մի՛ վերադառնաք, որովհետեւ ատիկա քաղաքական խնդիր է եւ ոչ թէ կալուածային գործարք»:

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու առաջարկեց մինչեւ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը Կազան իբրեւ ինքնավար շրջան միացնել Թուրքիոյ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ռուպիօ Լաւատես Է Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Նկատմամբ

Յաջորդը

Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Փոխադարձ Այցելութիւններու Համաձայնութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.