Խորհրդարանը երէկ 63 կողմ եւ 7 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ առաջին ընթերցումով ընդունեց Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքի նախագիծը:
«Հայաստան» խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան:
Եւրոպամէտ ուժերու «Եւրաքուէ» նախաձեռնութեան կողմէ ստորագրահաւաքի միջոցով այս նախագիծը նախ ուղարկուած էր կառավարութիւն, ապա Ազգային ժողով: Իշխող ուժի պատգամաւորներուն համաձայն, «այս նախագիծը ոչ թէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում է, այլ` ուղերձ Եւրոպական Միութեան, քաղաքական կամքի արտայայտում»:


