Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութիւնը Խոչընդոտողի Դիրքի Վրայ Պիտի Չըլլանք, Սակայն Երկու Չափ Երկու Կշիռի Քաղաքականութիւնը Պիտի Չընդունինք» Կ՛ըսէ Ազգային Անկախ Պլոքը

February 7, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային անկախ երեսփոխանական պլոքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կամայական ու երկակի չափանիշերու գործելաոճէն ետք, որուն հետեւեցաւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, որ յստակ կողմնակալութիւն ցոյց տուաւ քաղաքական որոշ ուժերու օգտին` ի հեճուկս այլ ուժերու, որովհետեւ կը պնդէ, թէ փափաք չունի քաղաքական կուսակցութիւնները կառավարութեան մէջ ներկայացնել, սակայն կը տեսնենք, որ որոշ ուժերու գլխաւոր եւ ծառայողական հիմնական նախարարութիւններ կը շնորհէ` բացայայտ կերպով հակասելով իր յայտարարութիւններուն»:

«Լիբանանեան սահմանադրութիւնը ստեղծուեցաւ, որպէսզի յարգուի եւ արդար կերպով գործադրուի անխտիր բոլորին վրայ: Ընդունելի չէ, որ նշանակեալ վարչապետը կարգ մը կողմերու ու կուսակցութիւններու կամ յարանուանութիւններու ու համայնքներու հետ վարուի տիրելու մտայնութեամբ, եւ այլ կուսակցական շրջանակներու ու համայնքներու եւ քարոզչական արշաւներուն զիջի` անտեսելով սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը», շեշտեց պլոքը:

«Այսօր պահանջուածը Հասսան Տիապի նոր կառավարութիւն կազմե՞լն է: Նշանակեալ վարչապետը համոզուա՞ծ է կուսակցական ու քաղաքական գործի մասին իր խօսքով: Իրապէս համոզուա՞ծ է, որ անկողմնակալ անձնաւորութիւն է, եւ իր անցեալը քաղաքական ու կուսակցական կեանքէ դատարկ է: Ասիկա հանրային կարծիքի ապակողմնորոշում չէ՞: Աշխարհի վրայ կա՞յ պետութիւն մը, որ կուսակցութիւններն ու քաղաքական ուժերը գործադիր իշխանութենէն հեռու կը պահէ», հարց տուաւ Ազգային անկախ երեսփոխանական պլոքը:

«Այս բոլորին դիմաց կը պահանջենք, որ կառավարութեան կազմութեան արժեչափերը ըլլան յստակ ու մէկ, եւ բոլորին նկատմամբ հաւասար վերաբերմունք ցուցաբերուի սահմանադրութեան ու Ազգային ուխտին համաձայն, եւ ոչ թէ քաղաքական նախընտրութիւններու եւ կամայականութեան, ինչպէս նաեւ մեր յոյսը կը կապենք հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ վստահ ենք, որ ան պիտի չընդունի այսպիսի կամայական քաղաքականութիւններն ու խտրական վարմունքը, որոնք կը խորացնեն երկրին տագնապը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Մեկնելով մեր ազգային պատասխանատուութենէն` կը հաստատենք, որ խանգարողի դիրքի վրայ չենք եղած ու պիտի չըլլանք եւ ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան արգելքը պիտի չըլլանք (…) սակայն միեւնոյն ժամանակ պիտի չընդունինք երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւնները, որոնք կը սպառնան երկրի միութեան ու կայունութեան», նշեց պլոքը:

Երեսփոխանական պլոքը նաեւ յայտնեց. «Լիբանան կարիքը ունի արդար ու հաւասարակշիռ կառավարութեան մը, որ արտացոլացնէ բոլոր լիբանանցիներուն կամքը, ոչ թէ ըլլայ քաղաքական հաշիւներ մաքրելու կամ հատուածական նեղ շահերու կառավարութիւն մը»:

 

Նախորդը

Ապու Հասան. «Կարիքը Չկայ Նախկին Նախարարական Ուղերձներուն Նման Խնդրայարոյց Նշանաբաններ Յօրինելու»

Յաջորդը

Այցելելով Հանրապետութեան Միւֆթիին` Սալամ. «Յայտնեցի, Որ Ամբողջ Ուժովս Կ՛աշխատիմ Կառավարութիւնը Արագօրէն Կազմելու»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.