Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մսխուած Պատեհութիւն Մը` Չխօսելու…

February 7, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Տարիներ առաջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բեմէն նախ. որդի Պուշ կը քննադատէր Ֆրանսան եւ քանի մը այլ ԵՄ-եան անդամ երկիրներ` Թուրքիոյ անդամակցութեան նկատմամբ խստապահանջ քաղաքականութիւն որդեգրած ըլլալնուն համար: Որուն հետեւելով` արեւելեան Եւրոպայի նորանդամ երկիրներէն մէկը յանկարծ հանդէս կու գար ձայնակցելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին…

Կարծեմ այդ նոյն օրն էր, որ Նիւ Եորք կը ժամանէր նաեւ Ֆրանսայի նախագահը` Ժաք Շիրաք,  օդակայանին մէջ իսկ շրջապատուելով մամլոյ թղթակիցներէն: Հարցո՛ւմ. «Պր. նախագահ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը նախ. Պուշին ձայնակցող երկրի ելոյթին մասին…»: Պատասխան. «Կը կարծեմ, թէ յիշեալ երկրի նախագահը մեծ պատեհութիւն մը կորսնցուց լռելու…»:

Ժաք Շիրաքի այս դիպուկ պատասխանը յիշեցի, երբ աչքէ կ՛անցընէի Ն. Փաշինեանի զուիցերիական վերջին գոհարները: Յատկապէս` արեւմտահայերէնի մասին իր յայտնագործումները… Պատասխանելով հարցումի մը` վարչապետը կը փութար արեւմտահայ մեր գրական լեզուաճիւղը հաւասարեցնելու Իջեւանի բարբառին… որ այսօր դադրած է գոյութիւն ունենալէ ինչպէս` շատ մը այլ բարբառներ: Իրեն համար այս մէկը բնական «պրոցես» էր:

Արեւմտահայերէնն ալ այլ բան չէր, եթէ ոչ բարբա՛ռ մը` իր անխուսափելի ճակատագրով: Այս բառերը իմս են եւ սակայն ոգին այս թեթեւամիտ եւ անիրազեկ ելոյթներուն, դժբախտաբար, իրն են: Եւ որքա՜ն եպերելի:

Այո՛, տեղ մը միջազգային հարցախոյզի մը տուեալներով հրապարակուած է այն տեսակէտը, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին կը դասուի: Եւ անշուշտ լուրջ տուեալներ կան այս ուղղութեամբ մտահոգուելու եւ գործի լծուելու: Այպանելին ՀՀ վարչապետին թութակաբանութիւնն է: Փոխանակ հրապարակաւ դրօշ պարզելու եւ տէր կանգնելու մեր ազգային այս մեծ հարստութեան, փոխանակ հաստատակամօրէն յայտարարելո՛ւ, որ հարցախոյզերը չեն, որ պիտի ճշդեն մեր լեզուական զինարանի ճակատագիրը, ՀՀ վարչապետը կը միանայ դասալքութեան թեզերուն:

Լեզո՛ւ մը, որ հզօրագոյն աւիշներով վերապրած է թշնամիին հինգ ցեղասպանական եղեռնագործութիւններէն եւ կերտած` սերունդներ, տոկացած` համաշխարհային պատերազմներու աւերին, եւ ստեղծած` աշխարհի ամէնէն հզօր գրականութիւններէն մէկը (շատ մը ձեւերով` աւելի հզօր քան պետականը) եւ այսօր իսկ կ՛աճի նոր եւ հզօր ղօղանջներով, ինչպէ՞ս կը խուսափի ՀՀ վարչապետին ուշադրութենէն: Ինչպէ՞ս ան օր-ցերեկով կը լքուի: Եւ Եւրոպայի իսկ սրտին վրայ,  ուր մեր ժողովուրդը պէտք ունի մեծագոյն խրախուսանքի: Բան մը խանգարուած է հոս, պարոնա՛յք: Բան մը նեխած է Դանիոյ թագաւորութենէն ներս… կ՛ըսէ Համլեթը: Բան մը իսկապէս խաթարուած է մեր երկրի լինելիութեան պայքարներու ճակատին վրայ:

Պր. վարչապետը մեծ, շա՜տ մեծ պատեհութիւն մը փախցուց իր անիրազեկութիւնը չցուցադրելու: Պատեհութիւն մը` լռելու: Պատեհութիւն մը` ՉԽՕՍԵԼՈՒ:

 

‘

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Հէ՛նց Դեռահասութիւն

Յաջորդը

Պօղոս Սնապեանին Նուիրուած Նախաձեռնութիւն Ազունիէի Ազգային Բուժարանին Մէջ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.