Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ Ամերիկեան Քայլէ Կը Զգուշացնէ, Եթէ Փանամայի Ջրանցքին Շուրջ «Անընդունելի Կացութեան» Գծով «Անմիջական Փոփոխութիւններ» Չըլլան

February 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ զգուշացուց Փանաման իր դէմ ամերիկեան քայլէ, եթէ Փանամայի ջրանցքին առնչուած «անմիջական փոփոխութիւններ» չկատարէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս յայտնեց, որ Ռուպիօ Փանամայի նախագահ Խոսէ Ռաուլ Մուլինոյի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է. «Ներկայ կացութիւնը անընդունելի է, եւ եթէ անմիջական փոփոխութիւններ չկատարուին, ապա Միացեալ Նահանգներ պիտի ստիպուին պէտք եղած քայլերը որդեգրել` պաշտպանելու համար (ջրանցքի Փանամայի յանձնման) համաձայնութեան հիմամբ իրենց շահերը»:

Ռուպիօ Մուլինոյին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «նախնական որոշում տուած է, թէ ներկայ կացութիւնը, ինչ կը վերաբերի Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ ջրանցքի շրջանին վրայ անոր վերահսկողութիւնը ջրանցքին սպառնալիք է, եւ խախտում Փանամայի ջրանցքի մնայուն չէզոքութեան ու գործարկման վերաբերող համաձայնութեան»:

Թրամփ չէ բացառած ջրանցքը գրաւելու համար զինուորական ուժի կիրարկումը:

Փանամայի նախագահը իր կարգին Միացեալ Նահանգներու կողմէ ջրանցքի բռնագրաւման որեւէ լուրջ սպառնալիք չի տեսներ: «Չեմ զգար, որ ներկայիս համաձայնութեան, անոր իրաւասութեան կամ նոյնիսկ ջրանցքի բռնագրաւման համար զինուորական ուժի կիրարկման իսկական սպառնալիք գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:

Մուլինօ առաջարկեց ջրանցքի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւններու փարատման համար «թեքնիք» բանակցութիւններ կատարել:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Քանատան Պէտք Է Դառնայ Մեր Սիրելի 51-րդ Նահանգը»

Յաջորդը

Մընպեժի Մէջ Ականուած Ինքնաշարժի Պայթումի Պատճառով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.