Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի հոսանքի հարաւային Լեռնալիբանանի բաժանմունքի Քաթրմայայի կեդրոնատեղիին մէջ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 20-ամեակի նշման պատրաստութեան ծիրին մէջ բազմամարդ ընդունելութեան մը ընթացքին նշեց. «Անցան քսան տարիներ, որոնք բոլորին համար դժուար էին, սակայն այն, ինչ որ վերջին չորս ամսուան ընթացքին տեղի ունեցաւ` անիրաւուած Ռաֆիք Հարիրիի իրաւունքը փոխհատուցեց, ըլլայ այդ Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ, եւ ասիկա մեր Աստուծմէ շնորհ է, եւ պէտք է մաս կազմէ 14 փետրուարին Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակարգի տապալումը տօնելու համար փողոց մեր դուրս գալուն, եւ հաստատօրէն ոչինչ Լիբանանը կը պաշտպանէ բացի կառուցումը իսկական պետութեան մը, որ կը յարգէ մարդոց կամքը»:
Հարիրի շեշտեց «սահմանադրութեան գործադրութիւնը եւ զէնքի միայն պետութեան ու լիբանանեան բանակին մենաշնորհը դարձնելու» անհրաժեշտութիւնը:
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութեամբ նոր արշալոյս մը բացուեցաւ, եւ մենք անոր իշխանութիւնը յաջողցնելու հետ ենք, եւ կը զօրակցինք կազմութեանը կառավարութեան մը, որ կը դարմանէ տնտեսական ու ընկերային կացութիւնը եւ կը կազմակերպէ քաղաքապետական ընտրութիւններ եւ ի վերջոյ 2026 թուականի երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնք Մուսթաքպալ հոսանքի վերադարձի գլխաւոր փուլը պիտի ըլլան, ուստի անոր պատրաստուեցէք», շեշտեց ան:
«Այսօր երկրին մէջ նոր շունչ կայ արաբական պետութիւներուն, նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիոյ վերադարձով, եւ ասիկա մեզի համար աւետիս է, որովհետեւ արաբական առանցքը միշտ ալ Լիբանանի համար բարիքի առանցք եղած է, ի տարբերութեան իրանեան առանցքին, որ միայն աւեր եւ շրջանի ժողովուրդներուն միջեւ ատելութիւն բերաւ», ըսաւ Ահմետ Հարիրի` հակառակորդ խումբին կոչ ուղղելով` «վերադառնալու Լիբանանի գիրկը եւ պահպանելու խաղաղութիւնն ու սահմանադրութիւնը»:
Նշենք, որ Ահմետ Հարիրի ուրբաթ երեկոյեան Պարժայի մէջ ընդունելութեան մը ընթացքին ալ կոչ ուղղեց` «Ազատութեան հրապարակին վրայ, 14 փետրուարի յիշատակի ոգեկոչման մեծաթիւ մասնակցութիւն բերելու, որպէսզի ըլլանք հոն, ուր է Սաատ Հարիրին, եւ լսենք անոր ուղերձն ու ցուցմունքները, որոնք պիտի ուրուագծեն ճամբու քարտէսը յաջորդ փուլին, որուն ընթացքին պիտի վերադառնանք ստանձնելու համար ազգային բեմին վրայ մեր բնական տեղը եւ մասնակցելու համար 2026 թուականի երեսփոխանական ընտրութիւններուն»:


