Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմիւլա 1. Պրաուն Կը Կարծէ, Թէ 4 Խումբեր Թեկնածու Են Այս Տարի

February 3, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մաքլարեն»-ի տնօրէն Զաք Պրաուն յայտնեց, որ այս տարի կը կարծէ, թէ 4 խումբեր հաւասար յոյսեր պիտի ունենան պայքարելու աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար:

«Մաքլարեն» անցեալ տարի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը շահեցաւ 26 տարիներէ ետք առաջին անգամ ըլլալով, ուր 2023-ին 4-րդ դիրքը գրաւած էր, 2022-ին` 5-րդ, իսկ 2017-ին ան 9-րդ դիրքը կը գրաւէր:

24 մրցումներէ բաղկացած ամէնէն երկար եղանակին (2024-ին) 7 տարբեր վարորդներ 4 խումբերէ շահեցան առնուազն 2 մրցումներ:

«Կը կարծեմ, որ 2025-ին շատ աւելի պայքար պիտի ըլլայ եւ մինչեւ վերջին կրան փրին յստակ պիտի չըլլայ ախոյեանը: Կը տեսնեմ, որ լաւագոյն 4 խումբերը անցեալ տարուան վերջին մրցումներուն նման իրար մօտ պիտի ըլլան… Եթէ տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մեր վիճակը բարելաւուեցաւ եղանակի կիսուն պատճառ չի մնար, որ բոլոր խումբերն ալ զօրանան: Կարծեմ շատ լաւ ձեւով պիտի սկսինք այս տարուան կրան փրիի եղանակը… Կը կարծեմ որ 4 վարորդներու միջեւ պիտի ըլլայ պայքարը եւ խմբային պայքարն ալ 4 խումբերու միջեւ պիտի ըլլայ:

«Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերշթափըն պիտի փորձէ իր 5-րդ յաջորդական տիտղոսը շահիլ, տարեշրջանէ մը ետք, երբ բաւական դժուարութեամբ ախոյեանութեան տիրացաւ:

«Մաքլարեն»-ի վարորդներ Լանտօ Նորիս եւ Օսքար Փիասթրի հիմնական  թեկնածուներ պիտի ըլլան զինք (Վերշթափընը) գահընկէց ընելու, «Ֆեռարի»-ի Լուիս Համիլթըն – Շարլ Լըքլեր զոյգին հետ:

«Ֆեռարի», որ 14 կէտով միայն ետ մնացած էր ախոյեան «Մաքլարեն»-էն, արդէն իսկ սկսած է լուրջ փորձերու: Իր երկրորդ փորձին Համիլթըն արկած մը ունեցած էր` վնասելով իր «Ֆեռարի»-ն:

Պրաուն յայտնեց նաեւ, որ խումբի պատասխանատու Անտրէա Սթելլա, որ «Մաքլարեն»-ի յաջողութեան պատճառներէն մէկն էր, 2020-ին մերժած էր միանալ «Մաքլարեն»-ին, եւ միայն 2022-ին ընդունած էր, երբ ինքզինք պատրաստ զգացած էր:

Նախորդը

Տոնչիչ – Տէյվիս Անակնկալը

Յաջորդը

Որքա՞ն Շահեցան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մասնակցող Ակումբները Առաջին Հանգրուանին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.