Սպասուածին նման մեծ խումբերը կրցան մտնել վերջին 24 խումբերու կարգին, «Չեմփիընզ լիկ»-ի 8-րդ եւ վերջին շաբթուան մրցումներէն ետք:
Այսօր կէսօր սակայն դժուար ճակատումներ կրնան ըլլալ եւ, օրինակ, իրար դէմ կրնան հանել Մանչեսթըր Սիթին Ռէալ Մատրիտի կամ Պայերն Միւնիխի դէմ, մինչ զուտ իտալական կամ ֆրանսական ելոյթներ կրնան ըլլալ Ա. Սէ. Միլան – Եուվենթուս կամ Մոնաքօ – Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումները:
Այժմէն իսկ միակ յստակ բանը այն է, որ առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլն ու երկրորդ դիրքը գրաւող Պարսելոնան իրար դէմ չեն հանդիպիր մինչեւ աւարտական:
Հետաքրքրական էին լաւագոյն 8-ին մէջ Լիլի (Ֆրանսա) եւ Ասթոն Վիլայի (Անգլիա) նման խումբեր, որոնք նաք-աութի առաջին հանգրուանին պիտի սպասեն Տորթմունտի կամ Աթալանթայի նման կազմերու, եթէ անշուշտ այս վերջինները յաջողին անցնիլ նաք-աութի առաջին հանգրուանը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք վերջին օրուան արդիւնքները, ուր Լիվըրփուլ, որ արդէն իսկ ապահոված էր առաջին դիրքը, գրեթէ իր պահեստի մարզիկներով դաշտ ներկայացած էր Այնտհովընի դէմ մրցումին:
ՓՍՎ Այնտհովըն – Լիվըրփուլ 3-2
Ասթոն Վիլա – Սելթիք 4-2
Պարսելոնա – Աթալանթա 2-2
Պայեր Լեւերքուզըն – Սփարթա Փրակա 2-0
Պայերն Միւնիխ – Սլովան Պրաթիսլաւա 3-1
Պրեսթ – Ռէալ Մատրիտ 0-3
Տինամօ Զաղրեպ – Ա. Սէ. Միլան 2-1
Տորթմունտ – Շախթիոր Տոնեցք 3-1
Ժիրոնա – Արսենալ 1-2
Ինթեր Միլան – Մոնաքօ 3-0
Եուվենթուս – Պենֆիքա 0-2
Լիլ – Ֆեյենուրտ 6-1
Մանչեսթըր Սիթի – Ֆ. Ք. Պրիւժ 3-1
Զալցպուրկ – Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-4
Սփորթինկ Լիզպոն – Պոլոնիա 1-1
Շթուրմ Կրաց – Լայփցիկ 1-0
Շթութկարթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-4
Եանկ Պոյզ Պեռն – Կարմիր Աստղ Պելկրատ 0-1


