ՊԵՐՃ ՊԱՍԹԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Դարձեալ կը տօնախմբենք ու կը նշենք ՀՅ Դաշնակցութեան 134-րդ տարեդարձը, որուն ամէն մէկ տարեդարձ արձանագրուած է ոսկետառ գիրերով: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առած է ժողովուրդէն եւ հիմնադրութեան օրերէն ի վեր եղած է ժողովուդին հետ ու ժողովուրդին համար:
Կուսակցութեան հիմնական նպատակը եղած է ծառայել հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ` պաշտպանել հայ ժողովուրդին իրաւունքներն ու Հայ դատը: Այլ խօսքով, հայութեան գոյատեւման պատճառն է: Հետեւաբար միշտ պէտք է թիկունք կանգնինք մեր կուսակցութեան, որպէսզի անոր տարեդարձները ըլլան միշտ ծաղկուն եւ գօտեպնդիչ:
Վերջապէս, տարեդարձները առիթներ են նոր շունչով ու ոգիով անցնելու գործի` շարունակելու հիմնադիրներու ու հերոսներու գործը եւ արձանագրելու նոր իրագործումներ: Ի՛նչ ալ ըլլան դժուարութիւններն ու տագնապները մենք իրաւունք չունինք յանձնուելու, այլ պիտի շարունակենք պայքարը մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:


