Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի Հեգնած Է Թրամփը` Առաջարկելով Իսրայէլացիները Վերաբնակեցնել Կրինլանտի Մէջ

January 29, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի ծաղրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` առաջարկելով իսրայէլացիները վերաբնակեցնել Կրինլանտի մէջ` Կազայի հատուածի բնակիչները արաբական երկիրներու մէջ վերաբնակեցնելու փոխարէն:

«Իմ առաջարկս այլ է: Պաղեստինցիներուն փոխարէն թող փորձեն իսրայէլացիները արտաքսել, տանիլ Կրինլանտ: Այս կերպ անոնք կրնան մէկ քարով երկու թռչուն սպաննել», ըսած է Արաղչի «Սքայ Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին` մեկնաբանելով Թրամփի Կազայի բնակիչներու հաւանական վերաբնակեցման վերաբերեալ առաջարկը:

Ան նաեւ ըսած է, որ Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները «խելագար» պիտի ըլլան, եթէ յարձակին Իրանի հիւլէական կառոյցներուն վրայ` աւելցնելով, որ ատիկա «շատ վատ աղէտ» պիտի ըլլայ շրջանին համար:

Աղբիւրը կը նշէ, որ այս նախազգուշացումը հնչած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի երդման արարողութենէն ետք իրանեան դիւանագիտութեան պետի առաջին հարցազրոյցին մէջ:

Դիւանագէտը անդրադարձած է քննարկումներուն առ այն, որ Իսրայէլ կրնայ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ յարձակիլ Իրանի հիւլէական կառոյցներուն վրայ:

«Մենք յստակ հասկցուցած ենք, որ մեր հիւլէական կառոյցներուն վրայ որեւէ յարձակում պիտի ստանայ անյապաղ եւ վճռական պատասխան: Սակայն ես չեմ կարծեր, որ անոնք պիտի ընեն այդ խելագարութիւնը: Ասիկա իսկապէս խելագարութիւն է: Եւ ատիկա պիտի յանգեցնէ ամբողջ շրջանին համար շատ վատ աղէտի», ըսած է Արաղչի:

 

Նախորդը

Ռուսիան Պաշտօնապէս Տարակուսանք Կը Յայտնէ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներու Մէջ Հակառուսական Հրապարակումներուն Առնչութեամբ

Յաջորդը

«Թրամփ Կրինլանտը Պիտի Չստանայ» Կ՛ըսէ Դանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.