Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրամատուներու Միութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Դրամատուներու Կացութեան Դարմանումը Պետութեան, Դրամատուներու Եւ Պահ Դրուած Գումարներու Տէրերու Ջանքերուն Միատեղում Կը Պահանջէ» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

January 28, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Դրամատուներու միութենէն պատուիրակութիւն մը, եւ յայտնեց. «Դրամատուներու կացութեան դարմանումը պետութեան, դրամատուներու եւ պահ դրուած գումարներու տէրերու ջանքերուն միատեղում կը պահանջէ»:

«Ամէն տագնապ իր լուծումը ունի, սակայն արդար լուծումի կարելի չէ հասնիլ մէկ կողմի ճամբով, այլ բոլոր կողմերու ջանքերուն միատեղումով», նշեց նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ պետութիւնները Լիբանանին օգնելու համար հիմնական պայման կը դնեն կառավարութեան կազմութիւնը եւ տնտեսական, ելեւմտական ու այլ բարեկարգումներու կատարման սկսիլը, ինչ որ ճամբայ կը հարթէ Լիբանանի եւ արտասահմանի միջեւ վստահութեան կամուրջներու վերականգնման եւ ներդրումներու վերադարձին:

«Եթէ մենք ներքին բարեփոխումներ չկատարենք, օտարները Լիբանան պիտի չգան, եւ գնդակը այժմ մեր դաշտն է», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ Դրամատուներու միութիւնը կը գործակցի ընդհանուր եւ Լիբանանի շահին ի նպաստ լուծումներ գտնելու համար` շեշտելով, որ հանրապետութեան նախագահը իրաւարարն է եւ ինք տարբեր խնդիրներու հետ թափանցիկ կերպով կ՛աշխատի:

Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոժթապա Ամանին, որ Պաապտայի պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Նախագահը ընդունեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայելը, որ հանդիպումէն ետք բոլոր քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց դիւրացնելու նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը:

«Մեր բոլոր դրական ու բաց խօսքերը կը դիմակայուին գիշերով Պէյրութի փողոցներուն մէջ մեր տեսած շարժումներով, եւ ան որ ուրիշներուն մենաշնորհը կը մերժէ, պէտք է ինքնիրեն համար ալ մենաշնորհը մերժէ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Ֆատլալլա. «Պիտի Չընդունինք, Որ Իսրայէլացի Ոեւէ Զինուոր Մեր Հողերուն Վրայ Մնայ, Եւ Ժողովրդային Շարժումը Դիմադրութիւն Է»

Յաջորդը

Շէյխ Քասեմ. «Չենք Ընդունիր Իսրայէլի Հեռացման Պայմանաժամի Մէկ Օր Իսկ Երկարաձգման Որեւէ Արդարացում, Չենք Ընդունիր Պայմանաժամի Երկարաձգում»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.