Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆատլալլա. «Ահաւասիկ «Բանակը, Ժողովուրդն Ու Դիմադրութիւնը» Նշանաբանը»

January 27, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հարաւային Լիբանանի Այթա Շաապ գիւղին մէջ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ահաւասիկ «Բանակը, ժողովուրդն ու Դիմադրութիւն» նշանաբանը: Դիմադրութիւնը մինչեւ վերջին օր այստեղ կռուեցաւ, ժողովուրդը ազատագրեց Այթա Շաապը եւ հիմա կ՛ազատագրէ Մարունն ու Այթարունը: Ժողովուրդը բանակին առջեւ ճամբան բացաւ»:

«Դիմադրութիւնը Լիբանանի վահանն է», ըսաւ Ֆատլալլա` աւելցնելով. «Դիմադրութեան ճամբով թշնամիին բաներ կը պարտադրուին»:

Երեսփոխանը «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ այլ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին կարեւորութիւն չի ընծայեր որեւէ համաձայնութեան կամ խոստումի եւ չի ճանչնար միջազգային համակարգը, որ այս բռնագրաւումին ծածկոյթ կը տրամադրէ, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ»:

«Բանակ, Ժողովուրդ եւ Դիմադրութիւն» նշանաբանը թուղթի վրայ կամ նախարարական ուղերձներուն մէջ գրուողը չէ, այլ գետնի վրայ կը ստեղծուի», աւելցուց ան:

«Պէտք է գնահատենք ժողովուրդը, որ իր զաւակները նահատակութեան ընծայեց, նախ եւ առաջ նահատակներուն ընտանիքները: Դիմադրութիւնը տոկաց, կռուեցաւ, դիմակայեց, զոհողութիւններ կատարեց, եւ ժողովուրդը անոր հետ էր», ըսաւ երեսփոխանը` նշելով. «Պէտք է այս մեծ յաղթանակը վերագրենք ժողովուրդին»:

«Եթէ յաղթանակի մասին կը հարցնէք, եկէք ու այստեղ տեսէք եւ միայն մեր վճարած գինին մի՛ նայիք», յայտնեց Ֆատլալլա:

«Թշնամին կ՛ուզէ այս հողերուն վրայ մնալ», նշեց երեսփոխանը` աւելցնելով. «Եթէ պետութիւնը կ՛ուզէ սահմանամերձ շրջանի ժողովուրդը համոզել, որ գերիշխանութեան պաշտպանութեան եւ բռնագրաւումի դիմակայման հիմնական կողմը ինք է, ապա կարելի բոլոր միջոցներով թող փաստէ, որ կարող է իսրայէլեան ոտնձգութիւններն ու յարձակումները դադրեցնել»:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ, Որ Հըզպալլային Մաքսանենգուող Զէնքերով Բեռնաւորուած Բեռնակառք Մը Գրաւած Է

Յաջորդը

Շէյխ Քապալանը ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչին Ու ՖԻՆԻՒԼ-ին. «Իսրայէլացին Պէտք Է Այսօր Հեռանայ, Այլապէս Զինք Ուժի Կիրարկումով Պիտի Հեռացնենք»

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.