Չորս օրուան մէջ ահաբեկուած, պապանձած, ցնցուած` մեր Արցախը ողջ-ողջ ազերիին յանձնուելէ ետք, երբ Արցախի ազնիւ, չարքաշ բնակիչները հոգին իրենց ծննդավայրին մէջ թողած` ֆիզիքապէս արտաներգաղթեցին Հայաստան, Արցախէն դուրս գտնուող հայերուն ուղեղն ալ ցնցուեցաւ, միայն թէ տեղ չկար, ուր կայք հաստատէր: Մինչեւ այսօր միայնակ տառ մը ամբողջ ճակատագիր մը կը ցոլացնէ` յաղթելու էինք, չյաղթեցինք, գաղթեցինք:
Ո՛չ, Արցախը չանցաւ պատմութեան: Ան նահապետ է, իր զաւակներուն, թոռներուն կը սպասէ:
Տեսնեմ` ուրիշ ո՞ր երկիրները պատերազմի մէջ են հիմա: Թիկունքին իրենց դրօշակները զետեղած` երեսունինը երկիրներ յայտնուեցան: Ցանկին մէջ ո՛չ Հայաստան կար, ո՛չ Լիբանան: Ազրպէյճանը կայ, այդ խաղաղապա՜շտ, ազնուաբարո՜յ երկիրը որո՞ւ դէմ կը կռուի արդեօք:
Անձկութիւնս գլուխը առած էր թեւերուն մէջ, սկսաւ վեր-վեր բարձրանալ, թեւերս չէին բացուեր, միայն շունչս այնքան զօրաւոր էր, որ ամպերուն մէջէն ա՛ն է, որ զիս առաջ կը մղէր:
Տեսայ, որ երկու կերպարանքներ, որոնց ծանօթ էի լուսանկարներէն` իբրեւ ամայի տարածքներու ճամբորդներ, ամպի մը բացատէն զիս կը դիտէին:
– Ինչո՞ւ հոս ես, հոս վտանգաւոր է,- ըսին:
– Աշխըրքի բաներուն խելքըս չը հասնիր: Հոն աւելի վտանգաւոր է:
– Մեր ալ խելքը չի հասնիր, կու գանք-կու գանք կ՛երթանք, սկաւառակով կու գանք, բայց չենք կրնար վրիպիլ ձեր աչքերէն, կը տեսնէք մեզ:
– Ուրեմն դուք անդրաշխարհային էակներէն էք:
– Մենք տիեզերքի գիտնականներն ենք. մեր արիւնը անգոյն ըլլալուն` կը հետաքրքրուինք նաեւ կարմիր արիւն ունեցող արարածներով:
– Խեռով-բարով չհետաքրքրուէիք. մարդկութիւնն ալ արիւն կը թափէ, որ գիտնայ, թէ մարդը մեռա՞ծ է, թէ՞ չէ: Այսքան աղէտ կը պատահի. մէկը ուրիշին սահմանները խլած է, անիկա իր սահմանը կ՛ուզէ. զէնք-զինամթերք հաւաքած` ցերեկը թնդանօթ կը լարէ, գիշերը` դաւ: Ցերեկը` լուտանք, գիշերը` ռումբ: Առանց երկրաշարժի` սահմաններ կը շարժին, կը ձեւափոխուին: Աղէտը մէկ կողմ կը տանի, միւս աղէտը` միւս կողմ, անոնց միջեւ գտնուողները կը զարհուրին, կը խեղանդամուին, կը սպաննուին, կ՛առեւանգուին: Մէկ խօսքով, իրարու դէմ կռուողները կը կորսնցնեն Բարիին գոյակցութիւնը: Իրենց զաւակները, որոնք հայրենասէր կը նկատուին, խելագարած ու մտացնոր կը սպաննեն ոսոխը հազարումէկ վայրագ ձեւերով: Ընտանիքները կու լան: Հողը արիւն եւ աւերակ կը փսխէ: Քաղաքական ցանցաթելերը կը պատռին, պարիսպները կը պատռին, խաղաղութիւնը կը պատռի: Հողն ալ եթէ պատռտի, ամէն ինչ կը խաղաղի յաւիտեանս յաւիտենից:
– Գիտենք, գիտե՜նք, դուք, որ գեղեցկագոյն կենսաբեր մոլորակը ունիք, դեռ սահման կ՛որոճաք: Իրարու սահմանները եւ իրաւունքները խլելով` կեանքերնիդ կը վատնէք:
– Սահմանը մեզ զօրաւոր կ՛ընէ, պատմութեան մէջ կը խարսխէ: Մեր ինքնութիւնը կը պահպանէ:
– Բայց նաեւ ժողովուրդին խաղաղ կեանքը կը վտանգէ: Ապրելու հաճոյքը կը խեղաթիւրէ:
– Ողբերգութիւնը այն է, որ ժողովուրդներու կեանքը կախեալ է իր ղեկավարներուն փառքի եւ հողի համայնակուլ ախորժակէն: Եօթը պորտ ապահովող նիւթական բարիքներէն:
– Լա՛ւ, այլեւս պէ՜տք է յայտնենք քեզի: Երկար ատենէ համբերութեամբ կը սպասենք, հեռու չէ այն օրը, երբ մարդկութիւնը ինքզինք պիտի կործանէ արհեստական բանականութեամբ (Artificial Intelligence), դուք զիրար պիտի բնաջնջէ՛ք: Ափոքալիփս, աշխարհակործանում պիտի ըլլայ, եւ մենք առօք-փառօք, առանց մտմտուքի` պիտի շնչենք ամայի ու անմարդ կապոյտ մոլորակին մէջ: Սահմանազանց, սահմանազուրկ, անսահման, անքարտէս:
– Չէ՛ք կրնար. Քրիստոս պիտի գայ, իրեն հաւատացողները վեր պիտի բարձրանան միլիոններով, օդին մէջ տեղ չ՛ըլլար:
– Մենք կը սպրդինք ու կ՛անցնինք անոնց ընդմէջէն. ընդամէնը երեսուն մատնաչափ ենք:
– Այդքան կարճ չէք երեւնար:
– Մենք ձեր տեսողութիւնը եւ բոլոր զգայարանքները կրնանք մեր փափաքին համաձայն կառավարել:
– Ուրեմն կրնայ ըլլալ, որ հիմա դուք գոյութիւն չունիք: Միայն ձեր գերկարողութեան պատճառո՞վ կը տեսնեմ ձեզ:
– Եթէ վստահ ես խօսածիդ, աչքերդ կարմրած ու դեղնաւուն չեն, ճի՛շդ կը տեսնես: Իսկ մեր մարմինը ենթակայ չէ փոփոխութեան: Մեր մկանը չի ցաւիր, մեր ոսկորը չի կոտրիր, մեր արիւնը անգոյն է, դէմքը կապտաւուն, մազ չունինք: Կրնանք թաքնուիլ ու երկինքի մէկ մասը կարծուիլ:
– Ինչո՞ւ քաջաբար չէք գար ու մեզի հետ չէք ապրիր:
– Ձեզի հետ ո՛վ կ՛ուզէ ապրիլ: Հնարամիտ էք` թէ՛ փորձանքներ եւ թէ՛ հրաշքներ ստեղծելու, բնութեան խորհրդագոյն խնդիրները լուծելու, մարդկութեան բարօրութեան համար հարկ եղած գիւտերը հնարելու մէջ: Բայց նաեւ ինքնակործան էք:
– Մենք նաեւ իտէալիստ ենք, մեր ուղեղի յետսամասին փայլփլուն աստղեր կան: Մենք աստղացոլուն երազներ կ՛իրագործենք: Իսկ դուք աստղերո՛ւն հետ ինչպէ՞ս էք:
– Այդ ցուցամոլներուն տիեզերական խաղերը անդադար կ՛անհետին ու կը յայտնուին, իրարու հետ մրցումի մէջ են` փայլք ցուցադրելու եւ զմայլանք հաւաքելու: Մենամարտի պահուն եթէ մէկը հարուած մը ստանայ, դէմքին այդ մասը երկիր կ՛իյնայ: Արեւէն կը զգուշանանք, քանի որ մեզ դիւրութեամբ կրնայ հալեցնել, ոչնչացնել: Կը փորձենք մէջտեղ չելլել, երբ ան կ՛երեւայ: Լուսնին զօրաւոր լոյսեր կ՛արձակենք,- որպէսզի համր-համր, սուսիկ-փուսիկ քալելով մեր ո՛ւր գտնուիլը չյայտնէ: Պոչաւոր աստղերուն ալ պոչը կտրած ենք, որ մատնութիւն չընեն:
– Քանի՞ հոգի էք:
– Մենք ատանկ պարապ բաներով, համրելով, բաժանելով, գումարելով ժամանակ չենք անցըներ:
– Ժամանակը բան մը կը նշանակէ՞ ձեզի համար.
– Մենք ո՛չ կը մեռնինք, ո՛չ կը ծնինք:
– Ինչպէ՞ս է որ գոյութիւն ունիք, եթէ ունիք:
– Խառնուրդ ենք` խորհրդաւորութեան, անորոշութեան բազմազան խաւերու, երազի թռիչքներու, անկարելի կարելիութիւններու, անդնդախոր խոռոչներու եւ անմատչելի գագաթներու: Իսկ քանի որ մարդկութիւնը անապահով կը զգայ, կը մտատանջուի, որ աներեւոյթ տեղերէ զինք դիտողներ կան, հսկողներ կան, կը պրպտէ եւ վաւերագրութիւններ կը կատարէ մեր մասին: Մենք ենթադրուածէն շատ տարբեր ենք:
– Ի՞նչ առումով:
– Այդ մասը երբեք պիտի չըմբռնէք, ո՛չ տեսած էք, ո՛չ լսած:
– Լաւ է, որ մարդկային միտքը կը զբաղեցնէք ձեզմով:
– Անուն ունիք հարկաւ:
– Իմ անունս ԷԱ է:
– Իմս ալ` ԿԸ:
– Իսկ քո՛ւ անունդ ի՞նչ է:
– Ի՞նչ պիտի ընէք, անունս ալ ափոքալիփսին մէջ պիտի ոչնչանայ: Այդքան անտառները, կենդանիները, պտուղները ամրոցները, գեղահմայ կառոյցները, թանգարանները, օդանաւերը, սուզանաւերը, խեղճուկ տնակները ի՞նչ պիտի ըլլան:
– Պիտի ցնցուին, պիտի մխան, մինչեւ որ գետնին հաւասարին: Այնքան ծանր կը կշռեն, որ գետինը պիտի բացուի ու կլլէ: Երկրագունդին միջուկի կրակը հանգած է այլեւս, հիմա միայն սեւ խոռոչ է:
– Մրջիւնները պիտի մնա՞ն. անոնք ամէն աղէտի դիմացեր են միլիոնաւոր տարիներէ:
– Եղափոխութենէն դասերնիս առած ենք: Եթէ մէկ մրջիւն իսկ մնայ, մարդկութիւնը ետ կը յայտնուի: Չորքոտանին կը քալէ, կորելլայի պէս կը քալէ, ցցուած մազերով, երկու ոտքերուն վրայ քալող արարած մը կ՛ըլլայ, յետոյ մարդու դիմագիծ կը ստանայ: Չէ՛, մարդկայինը չի փոխուիր: Նորէն հարա-հրոց կը փրցնէք: Երկրագունդը շատ համբերեց ձեզի, պահեց պահպանեց: Շփացած, մեծամիտ զաւակներու պէս անդադար զիրար ոչնչացնել փորձեցիք: Համաշխարհային պատմութեան գերակշռող մասը պատերազմներու մասին է:
– Նկատի առէք, որ բնութեան աղէտներն ալ մեզ զանգուածաբար կործանեցին: Կը չափազանցէք, մենք երախտաւոր ենք: Յարգը գիտենք մեզի տրուածին: Ձգտում ունիք, նպատակասլաց ենք, նուաճում, տաղանդ ու հանճար ունիք: Պատասխանատուութեան զգացում ունինք: Մեծահոգի, հայրենիքին նուիրեալ` նահատակութեան գնով: Կը պաշտենք մեռնելու գնով: Իրարու կ՛օգնենք: Երբեմն ալ արկածահար կ՛ընենք, անդամալոյծ ու անկարող կը դարձնենք, յետոյ կը լծուինք մեր զոհը հոգալու ու մեզ իբրեւ մեծ բարերար կը ցուցադրենք: Մեծ երկիրները ա՛յսպիսի լպիրշութիւն կ՛ընեն հիմա փոքր երկիրներուն: Դուք կը վնասէ՞ք իրարու:
– Այդ տեսարանները միայն դո՛ւք կը հայթայթէք մեզի: Զարմանահար կը դիտենք:
– Գոնէ աքլորները ապրէին, ինչէ՞ն պիտի գիտնաք, որ առաւօտ եղաւ:
– Աքլորները առանց հաւի չեն ապրիր:
– Հաւերն ալ թող մնան:
– Առանց հաւկիթի` չեն ապրիր: Բոլոր հաւկիթներուն կեղեւները կան, միջուկը չկայ: Եթէ կենդանի մը կայ, որ կ՛ուզենք ապրի, անվեհեր, յախուռն, ամենակարող արծի՛ւն է: Իր լէյզըր աչքերով ամէն բան կը տեսնէ:
– Ուրախ եմ, որ մեր ազգէն խորհրդանշան մը պիտի մնայ:
– Ինչո՞ւ, ո՞ր ազգէն ես:
– Հայ եմ ես: Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես:
– Ա՜, այդ անունը շատ լսած ենք:
– Այդպիսի անուններու բանակ մը ունինք: Մեզ հպարտ կը զգացնեն, մեր արմատները զօրաւոր կը պահեն: Առիթ չենք փախցներ զանոնք յիշատակելու: Մեր սիրտը լեցուն է թախիծով: Մեր ցեղին է՛ն մեծ յաճախանքը մեր Ցեղասպանութիւնն է: Աշխարհը պատերազմի մէջ, թուրքը փոս փորած` մեզ մէջը հրած է: Գետնին տակէն անապատ գտած` դուրս ելած ենք. դար մը սպասելէ ետք նորէ՛ն հրել կը փորձէ, ափսո՜ս, մեր արիւնակիցներու օգնութեամբ: Այս անգամ պարան մը պիտի կապենք մեր մէջքին, այդ բոլորին վիզին պիտի փաթթենք: Դուք ձեւ մը ունենալու էք մեր փոքրաթիւ ժողովուրդին օգնելու: Ազգովին ազատ շունչ մը քաշելու իրաւունք ունինք:
– Ճի՛շդ է, դուք հանգիստ կեանք չունեցաք: Իտէալներու փակած ապրեցաք. վեհի եւ գեղեցիկի պաշտամունք ունիք: Հերոսներ ու դաւաճաններ, գլխատուած մարդեր ու եկեղեցիներ, պարիսպներու աւերակներ, որբացած հողեր, սրբացած մարտիրոսներ, ձեր ղեկավարութեան դաւին զոհ դարձած հազարաւոր երիտասարդներ: Հիմա կրկնակի՛ զոհ` թէ՛ դաւին եւ թէ՛ բռնագրաւումին ձեր հողերուն: Զէնք-զինամթերք չունէի՞ք:
– Ունէինք: Թշնամիին տուինք: Չորս հարիւր միլիոն տոլար արժող զինամթերք էր` Արցախի պաշտպանութեան համար ապահովուած:
– Ինչո՞ւ:
– Դուք, որ ամէն բան կը տեսնէք, դուք պատասխանեցէք ինչո՞ւ-ին: Հինգ տարի է` թշնամին կ՛ուզէ, մենք կը յանձնենք: Նոյնիսկ որ չուզէ, մեր ղեկավարները կու տա՜ն:
– Պատերազմներ անպակաս եղան ձեր պատմութենէն: Բայց պատմութենէն չսորվեցաք, ահա մինչեւ հիմա գլուխ կը բռնէք, քէյֆերու մէջ կը տապլտկիք, թշնամին զինամթերք կ՛ամբարէ ձեր դէմ: Դուք անկախութեամբ հարբած, անհեռատես, օրուան համար ապրող ղեկավարութիւն ունեցաք:
– Եթէ այսքան բան տեսաք, ինչո՞ւ օգնութեան չփութացիք:
– Որովհետեւ դո՛ւք ձեզ պէտք է փրկէք: Փրկելու հանգրուաններ կան, չփրկելու` չկա՛յ. փլուզումը միանգամայն է: Ձեր արարքներուն գումարն է ձեր պատմութիւնը: Պայքարող էք, բայց բախտաւոր ժողովուրդ չէք, որովհետեւ չէք գիտեր էական պահը բռնել: Անհատնում ուժ կ՛ունենաք միմիայն միասնականութեամբ: Անկախութիւն մը յաղթանակեցիք, երկու տարիէն ձեռքերնէդ գնաց: Երեսուն երկու տարի առաջ առաջինը դուք էիք, որ անկախութիւն հռչակեցիք Սովետական Միութենէն: Կրնայիք պանծալի դարձնել ձեր հայրենիքը, սակայն ձեր ղեկավարները մեղրի կարաս կարծեցին Հայաստանը, լափեցին, գինովցան, խաբեցին, հայ ժողովուրդին պատկանող հողը ծախեցին, այնպէս կ՛ապրին, կարծես ժողովուրդ չկայ Հայաստանի մէջ: Արտաւազդ ալ չէին, որ հառաչէին` «Աւերակացս ո՞ւմ թագաւորեմ»: Մեծերը, քաղաքագէտներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ հիւծեցան, բանտարկուեցան, սպաննուեցան: Հին դարերուն ըսիք` ձեր սուրը եւ մեր պարանոցը, յետոյ ըսիք` մեր փամփուշտը եւ ձեր դիակը. իսկ հիմա ամէնէն անհեթեթը կը մռմռաք` ձեր տրոնը եւ մեր անկարողութիւնը:
– Քանի որ այսքանը գիտէք, ի՞նչ պիտի ըլլայ իմ Հայաստանս:
– Վաղը կարճ կամ երկար է. բայց ներկայ է: Մեծ համբերութեամբ մեր սպասածը պիտի ըլլայ: Ամբողջ աշխարհի մէջ պատերազմ պիտի պայթի, պզտիկ երկիրները է՛ն առաջ պիտի կլլուին: Իսկ ձեր հնադարեան ազգին պարագային, այդ աւանակի քիթով մարդը պիտի չյաջողի ամէն ինչ իւրացնել, դուք զինք պիտի զսպէք քիչ մը, սիրտերնիդ զովանալու չափ: Ձեր պանծալի մշակոյթն ալ պիտի անհետի, աղօթքները այնքան գեղեցիկ են, հրեշտակները պիտի յափշտակեն, որպէսզի ապահով պահպանեն զանոնք: Սատանաները զբաղած են ձեր վաշխառուներուն, բռնատէրերուն դրամները, ինչքերը իրենք թալանելով: Դուք հազուագիւտ ազգերէն էք, որ միջակութիւն գրեթէ չունի: Մէկ կողմը տեսիլք ունեցող, վեհապաշտ, իր արուեստին մէջ աստուածային հոգի թրթռացնողներու հոյլեր են, միւս կողմը, սակայն, չարչիի հոգեբանութեամբ աւազակներ, անասնական բնազդներով խումբեր: Հիմա արդէն ամէն բան ձեզմէ կորզուելու վտանգին տակ է, դուք ուժեղ բնազդ ունեցած էք գոյատեւելու, ինչի՞ կը սպասէք: Եթէ կրաւորական մնաք, պիտի անցնիք կեանքին միւս կողմը: Ո՛չ թէ հակառակ կողմը, այլ` ուրիշ կողմ մը: Բայց մինչ այդ եզրակացուցած պիտի ըլլաք, թէ վերջ ի վերջոյ ամէն բան, նոյնիսկ որ անցողական չէ, ունայնութի՜ւն է:
Զարհուրած` բացի աչքերս:



