Ֆրանսայի մէջ հետաքննող դատաւորները դարձեալ ձերբակալման հրամանագիր արձակած են Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ` 2017 թուականին Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական կառոյցներու ռմբակոծման ենթադրեալ մեղսակցութեան համար: Այս մասին ԹԱՍՍ-ի փոխանցմամբ կը հաղորդէ ԱՖՓ-ն:
Հրամանագիրը արձակուած է Ֆրանսայի Ազգային հակաահաբեկչական դատախազութեան պահանջով, որ կը հետաքննէր ֆրանս-սուրիական ծագում ունեցող 59 տարեկան Սալահ Ապու Նապուի մահը:
Դատախազութեան համաձայն, տղամարդը սպաննուած է 2017 թուականին սուրիական բանակի ուղղաթիռներէն Տարաա նահանգի մէջ գտնուող անոր տան գնդակոծման պատճառով:
Դատախազութիւնը նոր հրամանագիր տրամադրելու պահանջը պատճառաբանած է անով, որ Ասատը այլեւս նախագահ չէ, հետեւաբար չ՛օգտուիր դատական գործընթացներէն պետական անձեռնմխելիութենէն:
Ասիկա Սուրիոյ նախկին ղեկավարի դէմ ձերբակալութեան երկրորդ հրամանագիրն է, որ կը տրուի Ֆրանսայի մէջ: Նախորդը տրուած էր Սուրիոյ զօրքերուն կողմէ քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործման հարցին մէջ Ասատի հասցէին մեղադրանքներու վերաբերեալ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆրանսական արդարադատութիւնը սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ձերբակալութեան ընդհանուր 14 հրամանագիրներ արձակած է:


