Փանամայի կառավարութիւնը ՄԱԿ-ին բողոք ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իր ջրանցքը գրաւել սպառնալուն դէմ, ինչպէս նաեւ հրամայեց քննել աշխատանքը Հոնկ Քոնկի կապուած ընկերութեան, որ կենսական ջրանցքին վրայ երկու նաւահանգիստներ կը բանեցնէ:
Փանամայի կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին յղած իր նամակին մէջ մատնանշեց ՄԱԿ-ի կանոնադրութենէն յօդուած մը, որ կազմակերպութեան որեւէ անդամի կ՛արգիլէ «ուժի կիրարկումով սպառնալ կամ զայն կիրարկել» մէկ այլ պետութեան տարածքի անվտանգութեան կամ քաղաքական անկախութեան դէմ:
Փանամայի կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յորդորեց խնդիրը փոխանցել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, սակայն առանց նիստ պահանջելու:
Նամակի օրինակը յղուած է լրագրողներուն:
Թրամփ իր նախագահական երդման արարողութեան ուղերձին մէջ վերստին յայտարարած էր, որ Չինաստանը կը վերահսկէ Փանամայի ջրանցքը, որ Միացեալ Նահանգները 1999-ին յանձնած էր Փանամայի պետութեան:
«Զայն Չինաստանին չյանձնեցինք, այլ Փանամային, եւ անոր պիտի վերատիրանանք», ըսած էր Թրամփ:
Փանամայի նախագահ Խոսէ Ռաուիլ Մոլինօ հերքեց, թէ որեւէ այլ պետութիւն կը միջամտէ ջրանցքի աշխատանքին` նշելով, որ ջրանցքը չէզոքութեան սկզբունքով կը գործէ:
Փանամայի նախագահը հակադարձելով Թրամփին յայտարարեց. «Ջրանցքը Փանամայի սեփականութիւնն է եւ այդպէս պիտի մնայ»:


