«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի առաջին դիրքը գրաւող մենամարտիկ Արման Ծառուկեան նշեց, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ վիրաւորուած է ախոյեան իսլամ Մախաչեւի դէմ կայանալիք մրցումէն առաջ:
«Ամէն ինչ լաւ էր, բայց վերջին օրը փորձէն ետք քնանալու գացի եւ սկսայ ցաւ զգալ մէջքիս բաժինը: Այդ ցաւին պատճառով ամբողջ գիշերը չկրցայ քնանալ: Յաջորդ օրը մտածեցի, որ ամէն ինչ լաւ կրնայ ըլլալ, եւ ասուլիսէն վերջ սկսայ ծանրութիւն բարձրացնել: Հեծանիւ կը քշէի, երբ մէջքիս ցաւը զօրացաւ, եւ այդ պատճառով ալ չէի կրնար շարժիլ ազատօրէն», ըսաւ Ծառուկեան «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի յայտնի լրագրող Արիէլ Հելվանիի հետ հարցազրոյցին:
«Ես չեմ գիտեր իրենց բժիշկը ինչ ըսաւ: Ես կ՛ուզէի այս մենամարտը ամէն ինչէ աւելի: Եթէ նոյնիսկ պարտուէի, կրնայ մեծ գումար վաստկել, բայց ես պարզապէս չէի կրնար քալել», աւելցուց Ծառուկեան:
Ինչպէս յայտարարեց «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախագահ Տանա Ուայթ, Արման Ծառուկեան ապաքինումէն ետք քանի մը մենամարտ պէտք է կատարէ տիտղոսի մրցում ունենալէ առաջ:
«Կը ցանկամ տիտղոսի համար առիթ մը եւս ունենալ: Պատրաստ եմ մենամարտելու Մայքըլ Չենտլըրի եւ Չարլզ Էլիվէյրայի դէմ: Երկուքին հետ ալ պատրաստ եմ 5 ռաունտ խաղալու», նշած է Ծառուկեան:
Նշենք, որ Ծառուկեանի փոխարէն Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի. 311» մրցաշարքի գլխաւոր մենամարտին Մախաչեւի դէմ մրցեցաւ պրազիլցի Ռենաթօ Մոյքանօ: Ռուս Մախաչեւ առաջին ռաունտին իսկ խեղդելու շարժումով յաղթեց Մոյքանոյին:


