Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

January 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 134 ամեակին տօնակատարութեան ընդառաջ, առօրեայ հետեւողականութեամբ կը ներկայացնենք դաշնակցական երախտաւորներու կողմէ անցեալին արտայայտուած միտքեր, արտասանուած խօսքեր եւ գրուած յօդուածներ:

Մեր անմահանուն ընկերներուն, երախտաւորներու տասնամեակներ եւ կամ դար մը առաջ արտայայտած միտքերը այսօր ալ կը մնան այժմէական, թելադրական եւ ուսանելի:

134 տարի առաջ` 1890-ին, ծնունդ առած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նպատակը եղած է համախմբել հայ ժողովուրդին ուժերը եւ ազատութիւն ձեռք ձգել: Դաշնակցութիւնը գլխաւորեց հայ ժողովուրդին ինքնապաշտպանութիւնը եւ մարտական սխրագործութիւններ իրագործեց: Դէպի Երկիր կարգախօսը Դաշնակցութեան համար մնաց միշտ այժմէական: 134 տարի շարունակ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերով կը պայքարի յանուն հայ ազգի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային շահերու պաշտպանութեան:

134 ամեակի տօնակատարութեան ընդառաջ լոյս տեսնող գրութիւններու այս շարքը կը սկսինք Նիկոլ Աղբալեանի 1925-ին, Գահիրէի մէջ Դաշնակցութեան օրուան առիթով արտասանած խօսքով:

* * *

ՀՅ Դաշնակցութեան ուժը ո՛չ թէ ինքն իր մէջ ամփոփուած ըլլայն է, այլ իրմէ դուրս: Անիկա ազգային ուժ մըն է: Համակրական լայն շրջանակը ցոյց կու տայ, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կոչեցեալ առաջնորդն է հայ ժողովուրդին: Պայծառ թէ նսեմ, Դաշնակցութեան բարեկամներն ու հակառակորդները ունին այս գիտակցութիւնը:

Զարմանալի չէ սակայն այս երեւոյթը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ հզօրագոյն ազդակն է եղած եւ է՛: Չկայ ուրիշ որեւէ կազմակերպութիւն, որ իր ուժով, իր ազդեցութեամբ եւ դերովը հաւասարի անոր:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կամքերու խտացում մըն է. կազմակերպուած մեծ բանակ մը, որ հզօրապէս կ՛ազդէ հայ ժողովուրդի ճակատագրին վրայ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր 35 տարուան ընթացքին մեծ ժառանգութիւն մը կուտակած է, բայց այդ ժառանգութիւնը բեռ մը չէ երբեք, այլ կենդանի հարստութիւն մը: Այսօր ալ Դաշնակցութիւնը կը հարստացնէ եւ կը զարգացնէ զայն. ժառանգութիւն մըն է ան, որ մարդիկ կը կանչէ դէպի անձնուիրութիւն դէպի մահ: Եւ նոր սերունդները, երիտասարդ ու պատանի խումբերը դէպի անոր կու գան, այդ ժառանդութեան, տէր դառնալու համար անոր:

Այսօր կ՛ուզեմ խօսիլ մասնաւորաբար Դաշնակցութեան կատարած դերի բարոյական նշանակութեան մասին: Կեանքի մէջ մարդոց  արժէքը առաւելապէս բարոյական է: Շատ մը հարցեր ո՛չ թէ իմաստունն է որ վճռէ, այլ կամքի տէր անձը:  Մեր դարաւոր ստրկութեան մէջ կազմուած նկարագիրը ազնուացնողն ու բարձրացնողը Դաշնակցութիւնն եղաւ: Դաշնակցութիւնը այն կազմակերպութիւնն է, որուն մէջ մտնողը յոյս պիտի չունենայ այլեւս անձնական դիրքերու: 35 տարի անիկա անձնուիրութիւն քարոզեց եւ գործադրեց կեանքի մէջ: Անոնք որ հոգեպէս կոչուած են, խաչը կ՛առնեն իրենց վրայ, հին մարտիրոսներուն նման, եւ կը լծուին աշխատանքի: Անկէ ներս, հազարներով զինուորներ, առաջնորդներ, ահաբեկիչներ, քարոզիչներ, եւ այլն անձնական կեանք չունեցան, այլ նոյնացան կազմակերպութեան հետ: Անոնք հեռացան այս աշխարհէն, առանց իրենց վայելքները ունենալու: Դաշնակցութիւնը կարողացաւ այնպիսի՛ գաղափարական շունչ մը ներշնչել, որ ստեղծեց զարմանալի սերունդ մը, որ մեր վերջին տարիներուն պատմութիւնը կերտեց:

Նահատակներու նոր սերունդն է, որ վերստեղծեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Անոնք որ մեր հին պատմութիւնը կարդացած են, կը տեսնեն, թէ ասոնք մեր հին նահատակներու հոգեկան կառուցուածքն ունին: Եւ նշանակալիցն ա՛յն է, որ այս ոգիով առաջնորդելն ու մարզելը, հայ կեանքին մէջ. տրուած է միմիայն ՀՅ Դաշնակցութեան: Աչքէ անցուցէք միւս կազմակերպութիւնները եւ կը տեսնէք, որ անոնք այդ ոգին չեն ներշնչած: Հայ ժողովուրդը ստրկութեան օրերուն, տատասկի վերածուած էր, կորացած քամակով: ՀՅ Դաշնակցութիւնն եղաւ որ հպարտ սերունդ մը ստեղծեց, շտկեց մէջքերը: Այս բարոյական վերակազմութիւնը ո՛չ եկեղեցին տուած է եւ ոչ ալ որեւէ կազմակերպութիւն:

ՀՅ Դաշնակցութեան դերին երկրորդ առանձնայատկութիւնը ա՛յն եղած է, որ Դաշնակցութիւնը զոհաբերութեան դպրոց եղած է, եսասիրութեան եւ անձնասիրութեան գերեզմա՛նը: Դաշնակցութեան մէջ մտնողը չքացուցած է իր անձը, այլեւս չ՛ապրիր ինքն իրեն համար: Անոր մէջ մտնողներն եղած են շատ փայլուն անհատականութիւններ, բայց փայլած են մանաւանդ անոր համար, որ անոնք ուրացած են իրենք զիրենք: Ըստ Աւետարանի` մինչեւ որ ցորենի հատիկը չմեռնի, հունձք չըլլար, այսպէսով մինչեւ որ անոնց անձը, անոնց եսը չմեռնի, չզոհուի` Սերունդը չի ծնիր:

Անոնք, որ ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ մտան, անոր շէմքին առջեւ թաղեցին անձնասիրութիւնը եւ քանի դէպի ներսը յառաջացան, այնքան մերկացան իրենց եսէն ու անձնականութիւններէն: Ասոնք մեծարժէք յատկութիւններ են ազգերու համար: Հայ ժողովուրդը ունէր անշուշտ այս յատկութիւնները ասկէ առաջ ալ, բայց ստրկութեան շրջանին մեռած էին անոնք: Դաշնակցութիւնը վերակենդանացուց, վերարծարծեց զանոնք:

Մեր Ասողիկ պատմագիրը հայերուն համար «խստապարանոց» ազգ կ՛ըսէ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը կրցաւ այս ըմբոստ ազգը ոլորել եւ սանձահարել իր կամքին ուժով: Այս ըմբոստ պարանոցները մէկ կամքի տակ առնուեցան եւ այսպէս ստեղծուեցաւ զանգուած մը, որ համատարած կամքն եղաւ հայ ժողովուրդին մէջ, մեր անտերունջ ազգին մէջ զօրեղ ուժ մը` որ տէր կանգնի անոր, վտանգի րոպէներուն: Յաջողե՞ր է թէ ոչ, սա ուրիշ հարց է, իրականութիւնը այն է, որ չկայ ուրիշ կազմակերպութիւն, ուրիշ ուժ մեր կեանքին մէջ:

Մեր ժողովուրդի առաջնորդը ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղած է եւ պիտի լինի նորէն:

Նկատի առէք, որ երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը քայքայուեցաւ, եւ հեռացան անյաջողութեան մատնուած դաշնակցական գործիչները, ոչ ոք ըսաւ` անկցի՛ Դաշնակցութիւնը: Եւ եկած է արդէն ժամանակը, երբ բոլորը պիտի ըսեն` կեցցէ՛ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Պիտի ըսեն` որովհետեւ ան կերտած է Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իտէալը: Որովհետեւ մեր ժողովուրդին բոլոր լաւագոյն ու առողջ տարրերը համոզուած են, թէ ազատութեան մէջ միայն կրնան թօթափել ստրկութեան վերջին հետքերը եւ նոր ազգ դառնալ: Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը այս իտէալի զօրեղացման հարցը կը հետապնդէ եւ պիտի գայ վայրկեանը, երբ հայ ժողովուրդի փորձուած Առաջնորդը հրապարակ պիտի գայ իրագործելու համար հայ ազգային իտէալը` Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը:

Նախորդը

Վերանորոգ Լիբանանի Սպասումով

Յաջորդը

Թենիս. «Ծեր» Ճոքովիչ Յաղթեց «Երիտասարդ» Ալքարասի

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.