Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Երբ Շրջանէն Հեռու Երկիրները Կը Յայտարարեն, Թէ Եւրոպական Միութեան Առաքելութիւնը Սիւնիքի Մէջ Անվտանգութիւնը Պիտի Ապահովէ, Ես Ատիկա Իսկապէս Չեմ Հասկնար»

January 15, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է լուծէ դրացի երկիրներուն հետ իր խնդիրները եւ ոչ թէ աջակցութեան համար դիմէ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան փոխանցումով յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` 2024 թուականին ռուսական դիւանագիտութեան արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Մենք օր մը անխուսափելիօրէն պիտի գանք անոր, ինչի մասին հիմա կը խօսին Ռուսիան, Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Իրանը, այն է` շրջանի երկիրները պէտք է լուծեն իրենց անմիջական դրացիներուն հետ իրենց խնդիրները», նշած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի Արեւմուտքի հետ մերձեցումը ինչպէ՛ս կրնայ ազդել շրջանի անվտանգութեան վրայ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ խնդիրներ չի տեսներ արեւմտեան երկիրներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի հաղորդակցութիւններուն մէջ:

«Սակայն երբ երկիրները, որոնք հեռու են մեր տարածքէն, աւանդութիւններէն ու պատմութեան` ոչ գաղութային հարթութեան վրայ պատկերացումներէն, կը յայտարարեն, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը պիտի ապահովէ անվտանգութիւնը, օրինակ, Սիւնիքի մարզին մէջ, ես ատիկա իրականութեան մէջ չեմ հասկնար», եզրափակած է Լաւրով:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ռուսական կողմի տեղեկութիւններով, «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը մեծ մասամբ կը զբաղի ոչ այնքան Հայաստանին, որքան արեւմտեան դաշինքներուն հետաքրքրող հարցերով»:

Մոսկուա նախապէս յայտարարած էր, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը իրականութեան մէջ հետախուզական տեղեկութիւններ կը հաւաքէ շրջանին վերաբերեալ:

Նախորդը

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Մեկնաբանած Է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ Ռազմավարական Համագործակցութեան Մասին Ստորագրուելիք Փաստաթուղթը

Յաջորդը

«Միրզոյեանը Ռուսիա Հրաւիրուած Է, Հրաւէրը Ընդունուած Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առեւտրական  Կապերու Ընդլայնման Տարբերակներու Քննարկում
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առեւտրական Կապերու Ընդլայնման Տարբերակներու Քննարկում

October 15, 2026
Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Շոշ Գիւղի  Համաշխարհային Բ. Պատերազմի  Զոհերու Յուշարձանը
Հայկական

Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Շոշ Գիւղի Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Զոհերու Յուշարձանը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.