Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ռուսիա հրաւիրուած է:
«Ան հրաւէրը ընդունած է, յոյսով ենք` այցելութիւնը մօտ օրէն տեղի կ՛ունենայ», երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Անդրադառնալով երէկ Ուաշինկթընի մէջ Միրզոյեան-Պլինքըն հանդիպումին ու ստորագրուելիք ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթին` Լաւրով ըսած է, որ կարեւոր է, թէ ի՛նչ պիտի բխի այդ փաստաթուղթէն:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ենթադրած է` Հայաստանէն պիտի պահանջեն միանալ պատժամիջոցներուն, «ինչպէս, օրինակ, Սերպիայէն կը պահանջեն»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան մեկնաբանելով Լաւրովի յայտարարութիւնը յայտնեց. «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Ռուսիա այցելութիւնը կը նախատեսուի, այն ծրագրուած է աւելի քան երկու ամիս առաջ»: