Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան բնոյթն ու հեռանկարները գնահատելու համար անհրաժեշտ է ծանօթանալ համապատասխան փաստաթուղթերուն: Այս մասին ռուսական «ՆԻՈՒԶ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթով:
Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Ուաշինկթընի հետ նման գործընկերութեան հաստատումը Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան իրաւունքն է երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ծիրին մէջ:
«Սակայն այս պարագային երկու կողմերուն համար կարեւոր է ըլլալ հաւասար եւ անբաժանելի անվտանգութեան սկզբունքէն, այսինքն` այս գործընկերութիւնը պէտք չէ անվտանգութեան սպառնալիքներ ստեղծէ այլ պետութիւններու եւ միջազգային ընկերակցութիւններու համար», ընդգծած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը: