Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Կը Շարունակէ Յաղթանակներու Երթը

January 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր յաջորդական 12-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 132-126 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թորոնթօ Ռեփթըրզը: Թորոնթօ 12 կէտի առաւելութիւն ունէր, սակայն վերջին մասին Քլիվլենտ ինքզինք գտաւ եւ կրցաւ զսպել Թորոնթոյի յառաջխաղացքը:

Տարիըս Կարլենտ 40 կէտ եւ 9 էսիսթ ձգեց, մինչ Մոպլի 21 կէտ եւ 11 ռիպաունտ կատարեց: Ճերըթ Էլըն 18 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Քարիս Լըվերթ 18 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ կը խաղար առանց Տոնավըն Միչելի:

Թորոնթոյի լաւագոյն մարզիկներն էին Սքոթի Պարնզ (24 կէտ, 10 ռիպաունտ) Քրիս Պաուչըր (23 կէտ, 12 ռիպաունտ) եւ Ար. Ճէյ. Պերըթ (20 կէտ):

Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 104-89 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆլորիտայէն` Օրլանտօ Մեճիքի դէմ մրցումէն:

Ճուլիըս Ռենտըլ 23 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որուն թիւ 1 աստղ Անթոնի Էտուըրտծ 21 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց:

Նեզ Ռիտ պահեստի շարքերէն միանալով 16 կէտ աւելցուց, իսկ Ռուտի Կոպետ 10 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Կոկա Պիթածէ 15 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օրլանտոյի, իսկ Քենթավիըս Քալտուել-Փոփ 13 կէտ աւելցուց, մինչ Օրլանտոյի այս տարուան հիմնական տկար կէտը կէտ նշանակելն է: Անոնք 38 տոկոս յաջողութեամբ կը նշանակեն միայն, միջին հաշուով 104 կէտ ամէն մրցումի, որ նուազագոյնն է «Էն. Պի. Էյ.»-ի խումբերուն բաղդատմամբ: Հոկտեմբերէն բացակայ Փաուլօ Պանչերօ հաւանաբար վերադառնայ Օրլանտոյի հետ, ինչ որ կրնայ օգնել խումբին:

Տալաս Մեւրիքս, որ տակաւին կը խաղայ առանց Տոնչիչ-Քայրի Ըրվինկ զոյգին, պէտք ունեցաւ յաջորդական 16-0 կէտերու` պարտութեան մատնելու Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը` 117-111 արդիւնքով:

Թեքսասի իր համակիրներուն ներկայութեան, Տալասէն փայլեցան Ճէյտըն Հարտի` նշանակելով 25 կէտ, Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն (23 կէտ եւ 14 ռիպաունտ), մինչ Տերեք Լայվլի 21 կէտ եւ 16 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Տալասի, որ 109-99 արդիւնքով ետ կը մնար մրցումի աւարտէն 4 վայրկեան առաջ:

Անֆըրնի Սիմընզ եւ Շէյտըն Շարփ 22-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Փորթլենտի: Անոնց կէտ նշանակելու 6 փորձերն ալ ձախողեցան, եւ կատարեցին 3 թըրնօվըրներ վերջին վայրկեաններուն:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Չարլոթ Հորնեթց մրցումը յետաձգուեցաւ Լոս Անճելըսի հրդեհներուն պատճառով:

Ֆինիքս Սանզ Արիզոնայի մէջ մրցումի երկրորդ կիսախաղին կրցաւ լաւ խաղալ եւ գերազանցել Աթալանթա Հոքսը, 123-115 արդիւնքով:

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ Կը Շարունակէ  Յաղթանակներու Երթը
«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ Կը Շարունակէ  Յաղթանակներու Երթը

Պրատլի Պիլ (25 կէտ), Քեւըն Տիւրենթ (23 կէտ), Տեւըն Պուքըր (20 կէտ եւ 12 էսիսթ) եւ Կրէյսըն Էլըն (23 կէտ) եղան Ֆինիքսի հերոսները:

Թրէյ Եանկ 21 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց, Աթլանթայէն 7 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին, սակայն Ֆինիքսի «արեւ»-ը կիզիչ էր, եւ ինք կրցաւ վճռել մրցումին արդիւնքը:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 89-104
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 104-107
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 132-126
Տալաս Մեվրիքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 117-111
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 115-119
Եութա Ճեզ – Մայեմի Հիթ 92-97
Ֆինիքս Սանզ – Աթլանթա Հոքս 123-115
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Չարլոթ Հորնեթց (յետաձգուած)

Նախորդը

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Մտորումներ

Յաջորդը

Ռոնալտօ 917-րդ Կոլը Նշանակեց

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.