Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Ժիրայր Շաղոյեան երկկողմանի համաձայնութեամբ լքեց հունգարական Տեպրեցեն խումբը եւ վերադարձաւ Հայաստան` միանալով Արարատ-Արմենիայի:
23 տարեկան Շաղոյեան միայն 10 մրցում կատարած էր Տեպրեցենի հետ խաղալով 185 վայրկեան:
Միւս կողմէ, Վատիմ Յարութիւնեան պայմանագիր կնքած է Լոքոմոթիւ Մոսկուայի հետ:
19 տարեկան միջնապահ Վատիմ Յարութիւնեան մինչեւ 3 յունիս 2026 պիտի մնայ Լոքոմոթիւի խաղցող, հակառակ անոր որ ան այժմ կը մասնակցի Զերժինսքի Արսենալի հետ:
Յարութիւնեան Լոքոմոթիւի սան է եւ փոխ տրուած էր Զերժինսքի Արսենալի, ուր կը խաղար վարձակալութեամբ: Ան մասնակցած է 30 մրցումներու` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով 6 էսիսթ: Պէտք է նշել, որ ան բազմակողմանի մարզիկ է եւ կրնայ խաղալ թէ՛ միջնապահ դիրքի, թէ՛ պաշտպանող դիրքի վրայ:
Ան մաս կը կազմէ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբին ալ:


