Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Մտորումներ

January 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հակառակ քանի մը ամիս առաջ Լիբանանի ապրած պատերազմական սուր ճգնաժամին` աւերի, քանդումի, մարդկային մեծ կորուստներու, գաղթականութեան եւ անորոշութեան, զինադադարի հաստատումը բարեբախտաբար առիթ ընծայեց, որ լիբանանցի քաղաքացին Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը դիմաւորէ համեմատաբար խաղաղ ու կայուն պայմաններու մէջ:

Բնականաբար նախկին խանդավառութիւնը, ջերմութիւնը բացակայեցաւ, այսուհանդերձ, բարեսիրական նախաձեռնութիւններ,  փոքրերու եւ տարեցներու ամանորեայ հաւաքներ, եկեղեցական արարողութիւններ, մշակութային ձեռնարկներ, օրացոյցներու ցրւումի աշխատանքներ լիբանանահայ համայնքին մէջ ստեղծեցին տօնական գեղեցիկ ու համակող մթնոլորտ: Այս իմաստով գնահատելի է բոլոր միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն աշխատանքը, յատկապէս այդ բոլորը կազմակերպող  ստուար հոյլը` մեծ թէ փոքր կամաւորներու, որոնք բոլորն ալ մեծ գոհունակութեամբ ու խանդավառութեամբ փորձեցին խինդ ու ժպիտ սերմանել ամէնուրեք:

Այս առիթով, սակայն, դարձեալ ականատես դարձանք անախորժ ու անընդունելի երեւոյթներու, որոնք յարիր չեն մեր համայնքի կեանքին եւ պահուածքին: Դժբախտաբար, սակայն, անոնց կրկնութիւնը վերածուած է սովորութեան:

Նոր տարուան գիշերը շատ մը թաղամասերու մէջ լսուեցան կրակոցներու արտառոց ձայներ: Այս ծիծաղելի երեւոյթը, ինչպէս նաեւ փողոցներու պատշգամներէն երբեմն ապակեղէններ նետելու ու անդորրութիւնը խանգարող աքթերը, անհասկնալի կը մնան մի՛շտ: Մարդիկ արդեօք ի՞նչ ձեւով բացատրութիւն կրնան տալ այս ապիկար երեւոյթներուն, երբ երկրի ապահովական այս թոյլ վիճակին մէջ անպատասխանատու մօտեցումով կը վտանգեն անդորրութիւնը: Աւելի՛ն. տնտեսական տագնապի մատնուած քաղաքացին, երբ իր առօրեայ օրապահիկը ապահովելու համար կը դիմագրաւէ լրջագոյն մարտահրաւէրներ, ինչպէ՛ս պիտի դիտէ այս անիմաստ ու բաւական նիւթական պահանջող սին «վայելքները»: Այլ հարց, որ այդ կրակոցներու եւ պայթուցիկներու հեղինակներէն շատեր` իբրեւ կարիքաւորներ, իրենց տարրական առողջապահական եւ կենցաղային պէտքերը ապահովելու համար  յաճախ կը դիմեն բարեսիրական միութիւններ եւ կառոյցներ:

Աննպատակ կրակելու սովորութեան ու անհեթեթութեան այս դրսեւորումը, անկախ կեանքերու վտանգ սպառնալէ, կը պարտաւորեցնէ պատասխանատուները այդ օր լքելու իրենց ընտանեկան տօնական մթնոլորտը եւ փութալու ապահովական կեդրոններ, որպէսզի յանցագործներու կացութիւնը յստակացնեն եւ հարցերը լուծեն` տրուած ըլլալով, որ ապահովական կառոյցներ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը եւ բերման կ՛ենթարկեն կրակողներն ու օրինազանցները: Այս խեղկատակ երեւոյթին այլեւս վերջ մը դնելու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուինք հաւաքաբար:

Երկրորդ` Սուրբ Ծնունդի օրը կարգ մը հայկական հաստատութիւններ եւ վաճառատուներ առանց վարանումի բաց պահեցին իրենց դռները ու նաեւ կարգ մը պարագաներու պահանջեցին, որ պաշտօնեաները նաեւ գործի ներկայանան: Այս երեւոյթը թէեւ ընդհանրացած չէ, բայց դատապարտելի ու անընդունելի է: Հայկական Ս. Ծնունդն ու անոր խորհուրդը պէտք է պահուին իրենց պատուանդանին վրայ: Ընդգծենք, որ այդ նոյն հաստատութիւնները 25 դեկտեմբերին` կաթողիկէ Ս. Ծննդեան օրը, փակ պահած էին իրենց դռները:

Այս պարագան համայնքային մեր իւրայատկութիւններու հաշուոյն նաեւ խոր վիրաւորանք է, ինչպէս նաեւ` նոյն այդ համայնքային իրաւունքներու անտեսում, երբ համայնքը` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ջանքերով եւ հետեւողական ճիգով, յաջողած է հայկական Ս. Ծնունդը դարձնել ու ամրագրել պետական արձակուրդի օր:

Երրորդ` Ս. Ծնունդի եկեղեցական արարողութիւններուն  եւ ընդունելութիւններուն բացակայութեանց թիւը ակներեւ էր: Յարգելով բացառութիւններն ու յատուկ պարագաներ, կարելի չէ ընդունիլ, որ յատկապէս համայնքային տարբեր ոլորտներու մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնած մարդիկ Ս. Ծննդեան օրը իրենց հանգիստէն քանի մը ժամ  չզոհեն եւ ներկայ չգտնուին եկեղեցական արարողութիւններուն, այս առիթով կազմակերպուած հաւաք-ընդունելութիւններուն:

Այս բոլորը կը մատնանշենք, որովհետեւ բոլոր ժամանակներէ աւելի` լիբանանահայ համայնքին ցուցաբերելիք աշխուժութիւնը, անոր կենսունակութեան դրսեւորումը անհրաժեշտ են` ներլիբանանեան եւ համահայկական առումներով: Համայնքի դերակատարութեան շարունականութիւնը եւ վերանորոգ ճառագայթումը կենսական են հայութեան ապրած ներկայ բախտորոշ ժամանակահատուածին:

Հետեւաբար հաւաքաբար պարտաւոր ենք մտածելու այս երեւոյթները կանխելու եւ նախանձախնդիր մօտեցում ցուցաբերելու համայնքի կենսունակութեան ու յատկապէս պայծառ դիմագիծին:

Բարի՛ տարի:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Բաց Դասարանը` «Նամակներ» Խորագիրով

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Կը Շարունակէ Յաղթանակներու Երթը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.