Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Էտուըրտծ Ձախողեցաւ Եւ Մինեսոթա Պարտուեցաւ Պոսթըն Սելթիքսէն

January 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս, որ Մինիափոլիսի մէջ հանգիստ մրցում մը կ՛ունենար Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դէմ եւ մրցումի աւարտէն 2 վայրկեան առաջ 8 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունէր, քիչ մնաց կորսնցնէր իր հաւասարակշռութիւնը վերջին վայրկեանին, ուր Մինեսոթա ոչ միայն մօտեցաւ, այլ վերջին երկվայրկեանին առիթ ալ ունէր հաւասարեցնելու արդիւնքը, եթէ Անթոնի Էտուըրտծի 3 կէտնոց կողովը նպատակին հասնէր: Պոսթըն 118-115 արդիւնքով կրցաւ յաղթել, հակառակ անոր որ Ճէյլըն Պրաուն կը բացակայէր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Ճէյսըն Թէյթըմ 33 կէտ, 9 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սելթիքսի, մինչ Սեմ Հաուզըր (Պրաունի փոխարինած) նշանակեց 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ: Տերեք Ուայթ աւելցուց 26 կէտ ի նպաստ Սելթիքսի:

Ճուլիըս Ռենտըլ 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, մինչ Նեզ Ռիտ աւելցուց 20 կէտ, իսկ Ճէյտըն Մաքտանիեըլ 19 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ի նպաստ Մինեսոթայի, որ իր յաջորդական 2-րդ մրցումը պարտուեցաւ 3 յաջորդական յաղթանակներէ ետք:

Միլուոքի Պաքս իր դաշտին վրայ 113-110 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Պրուքլին Նեթցէն, որ իր 34-րդ մրցումին 13-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Եաննիս Անթեթոքումփօ 27 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պաքսի, որ առաջին կիսախաղին շատ ձախող ելոյթ ունեցաւ` 24 կէտով ետ մնալով Պրուքլինէն: Ճիշդ է, որ մրցումի վերջին վայրկեաններուն Միլուոքի մօտեցաւ, բայց Տեմիըն Լիլըրտի 3 կէտնոց կողովներու փորձերը վերջին 4 երկվայրկեաններուն չհասան իրենց նպատակին: Քէմ Ճոնսըն (26 կէտ) եւ Քեմ Թոմաս (24 կէտ) եղան Պրուքլինի հերոսները:

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր «Փէյքոմ սենթըր»-ի դաշտին մէջ հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ` 116-98 արդիւնքով: Սա Թանտըրի յաջորդական 13-րդ յաղթանակն էր: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 29 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թանտըրի, որմէ փայլեցան նաեւ Ճէյլըն Ուիլիամս (18 կէտ) եւ Այզիա Հարթընսթին (11 կէտ եւ 9 ռիպաունտ):

Ամիր Քոֆի 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիփըրզի, որ առաջին կիսախաղին 16 կէտի առաւելութիւն ունէր Թանտըրի վրայ:

Լոս Անճելըսի աւելի հռչակաւոր Լէյքըրզը 114-106 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ:

Առաջին մասին 8 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք, Փորթլենտ չկրցաւ դիմանալ Լըպրոն Ճէյմսի եւ Մաքս Քրիսթիի 3 կէտնոց կողովներուն: Լըպրոն 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, ընդամէնը 38 կէտ նշանակելով, մինչ Քրիսթի, որ կը փոխարինէր վիրաւոր Վանտերպիլթը, 28 կէտ նշանակեց (5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ): Օսթըն Ռիվզ 15 կէտ եւ 11 էսիսթ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ իր 19-րդ յաղթանակը արձանագրեց 33 մրցումներու ընթացքին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Մայեմի Հիթ – Ինտիանա Փէյսըրզ 115-128
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 139-105
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Պոսթըն Սելթիքս 115-118
Միլուոքի Պաքս – Պրուքլին Նեթց 110-113
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 116-98
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 114-106

 

Նախորդը

Կարճ Տողերով. Մխիթարեանի Մաղթանքները Եւ Հայ Ֆութպոլիստներու Վերջին Լուրերը

Յաջորդը

Եու. Էֆ. Սի. 311. Ծառուկեան – Մախաչեւ Մրցումէն Արձագանգներ

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.