Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ահաբեկումներ, կրակոցներ, պայթումներ, ռմբակոծումներ, քանդումներ, նահատակներ ու վիրաւորներ, անօդաչու թռչող սարքերու մնայուն ներկայութիւն, իսրայէլեան ռազմական օդանաւերու ձայներ, ձայնի պատի խզումներ ու ուժգին ցնցումներ, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վերաբերող բազում եւ բազում զգուշացումներ, ապա` իսրայէլեան օդային իրերայաջորդ սարսափելի յարձակումներ, ռմբակոծումներ, պայթումներ, հրդեհներ, աւերակ, սպանդ, Հըզպալլայի ղեկավարներու ահաբեկում, հարաւային շրջաններու մէջ բուռն բախումներ, ներխուժման փորձեր, ձախողութիւններ, Հըզպալլայի մարտիկներու դիմադրութիւն, երկվայրկեանի մը մէջ փուլ եկող շէնքեր, կեանքերու կասեցում, մանուկներու վերջին ճիչ, հիւանդանոցներու ռմբակոծում, բանակայիններու, Կարմիր խաչի անդամներու, ապահովական ու քաղաքային ուժերու ներկայացուցիչներու թիրախաւորում, արգելք` հասնելու վիրաւորներուն, ռմբակոծում նախատեսուած եւ չնախատեսուած շրջաններու ու վայրերու, Պէյրութի օդակայանի շրջակայքը կրակի տակ, սակայն` օդանաւերու խիզախ թռիչք…
Զինադադարի հաւանականութիւն, յոյսեր, բանակցութիւններ, յաջողութեան նշաններ, յուսախաբութիւն, անհամաձայնութիւն, երկկողմանի անկարելի թուացող պայմաններու ճշդում, ռմբակոծումներու շարունակութիւն եւ սաստկացում, սպառնալիքներ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն, զգուշացումներ, առանց զգուշացումներու ռմբակոծումներ, մահեր, վիրաւորներ… զինադադարի հաստատում, խաղաղութիւն, տունդարձ, բնակելու մեծ դժուարութիւններ, բայց կամք` հարազատ հողին վրայ մնալու եւ վերակառուցելու, վերաշինելու, վերապրելու… Զինադադարի խախտումներ, զգուշացումներ` զինադադարի տապալումէն, կրկին ռմբակոծումներ հարաւային շրջաններու վրայ, վերստին զգուշացումներ տուն չվերադառնալու…
Շատ ծանր այս բառամթերքը նախորդ տարուան ընթացքին տիրական ներկայութիւն էր «Ազդակ»-ի յարկին տակ, տպագիր էջերուն մէջ, կայքին վրայ, ընկերային ցանցերու տարբեր էջերու մէջ, լրահոսով եւ ընդհանրապէս ամէն տեղ: Թէեւ ամբողջ տարին պատերազմական վիճակ չտիրեց Լիբանանի մէջ, բայց եւ այնպէս, աւելի քան երկու ամիս Լիբանանն ու լիբանանցիները ահ ու սարսափի մատնած աւելի քան երկու ամիսները անջնջելի դրոշմ ձգեցին բոլորին վրայ, նաեւ` «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ, ուր բազում բազում անգամները գործածուեցաւ վերոյիշեալ բառամթերքը, ու տիրական դարձաւ այդ մթնոլորտը:
2024 տարին իր դաժանութեամբ եւ բազում դժուարութիւններով եկաւ գերազանցելու նախորդ տարիները, որոնք եւս բաւական ծանր էին, սակայն այս տարուան վախը, աւերը, վտանգն ու յատկապէս մարդկային ու նիւթական ահաւոր կորուստներն ու վնասները եկան շրջանցելու նախորդները եւ հաստատելու, որ նախորդ տարին իսկապէս անմարդկային կոչուելու աստիճան ահաւոր էր:
Հակառակ այս անհանդուրժելի վիճակին, պահ մը այս բոլորէն անջատուելու բուռն փափաքին, «Ազդակ»-ն ու անոր անձնակազմը նման պարագաներու կը դրուին յաւելեալ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման` կարելի եղածին չափ արագ ու ճիշդ տեղեկութիւն հասցնելու համայն հայութեան ընդհանրապէս եւ լիբանանահայութեան` մասնաւորաբար: Ի զուր չէ, որ պատերազմական օրերուն յատկապէս կտրուկ աճ արձանագրեց «Ազդակ»-ի արագ լրահոսի հետեւորդներուն թիւը, մեր տարբեր էջերը այցելողները` հաւաստի լուրեր փնտռելով: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր մեր աշխատակիցները արագ լրահոսի ճամբով հաղորդ պահեցին այս դրութեան հետեւորդները` Լիբանանի տարածքին արձանագրուող մեծ ու փոքր իւրաքանչիւր զարգացումի ու իրադարձութեան: «Ազդակ»-ի app-ին, կայքին, Դիմատետրի, «Էքս»-ի, «Ինսթակրամ»-ի, «Թելեկրամ»-ի էջերուն եւ եութուպեան ալիքին միանալով` մեր ընթերցողները կարելիութիւն ունեցան առաւելագոյն չափ արագ ստանալու թարմ լուրեր` Լիբանանի, Հայաստանի, հայութեան բոլոր հատուածներու, Հայ դատի, շրջանային ու միջազգային զարգացումներուն եւ ընդհանրապէս աշխարհին վերաբերող:
Այս բոլորը արգելք չեղան, որ «Ազդակ» շարունակէ իր տարբեր բնոյթի աշխատանքներն ու գործունէութիւնը:
«Ազդակ»-ը Օժտուեցաւ Թանգարանային
Արժէք Ունեցող Իրերով
«Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ին նուիրեց երկար տարիներու ընթացքին իր հաւաքած մետաղեայ հնագոյն դրամներու հաւաքածոն: Հռոմէական, Տիգրան Մեծի, Կիլիկիոյ, ցարական Ռուսիոյ, Սէյմի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, համայնավար յեղափոխութեան, յետխորհրդային Ռուսիոյ ժամանակաշրջաններէն հաւաքուած դրամներու եզակի նմուշները յանձնուեցան «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան:
Դրամներու այս թանկարժէք հաւաքածոյին կ՛ընկերանայ նաեւ մոլորակի բոլոր ցամաքամասերու երկիրներէն դրոշմաթուղթերու հարուստ հաւաքածոյ մը:
Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ին յանձնեց նաեւ հայաստանեան հանքային արժէքաւոր քարերու նմուշներու խմբաքանակ մը:
Այսպիսով, հնատիպ մամուլի, կերպարուեստի զանազան ստեղծագործութիւններու «Ազդակ»-ի ֆոնտը համալրուեցաւ հին մետաղեայ եւ թղթային դրամներու, հայաստանեան քարերու, ինչպէս նաեւ դրոշմաթուղթերու թանկարժէք հաւաքածոյով:
«Ազդակ»-ի Յարութիւն Արսլանեան
Վարչական Բաժին»-ի Անուանակոչութիւն
Եւ Հանդիսաւոր Բացում
«Ազդակ»-ի «Յարութիւն Արսլանեան վարչական բաժին»-ի անուանակոչութիւնը տեղի ունեցաւ 3 ապրիլ 2024-ին` ներկայութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Արսլանեան ընտանիքին եւ «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմին:
«Ազդակ»-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան:
Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան ըսաւ, որ Յարութիւն Արսլանեանը կը շէնցնէր երկիրը իր ներկայութեամբ` խօսքով, ժպիտով, առաքելութեամբ, աշխատանքով, կազմած ընտանիքով, սնուցած զաւակներով, դաստիարակած թոռներով: Ան վստահեցուց, որ այս պահուն Յարութիւն Արսլանեան մեզի հետ է եւ կը հրճուի այն բարութեան ոգիով, որուն միջոցով ան ապրած ու փոխանցած է, եւ այդ բարութիւնը յաճախ իր նիւթական դրսեւորումը ունեցած է պարբերաբար` իբրեւ շէնք, շինութիւն, սրահ եւ այլ ձեւերով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեան շնորհաւորեց «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքը, համահայկական առումով սփիւռքահայ եւ գուցէ նաեւ հայրենիքի մէջ իր շատ կարեւոր ներդրումը ունեցող այս մամուլը, յատկապէս անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի կապուածութեան Արսլանեան ընտանիքին հետ, յատկապէս` Յարութիւն Արսլանեանին, որ այս նախաձեռնութեամբ յարութիւն առնելով, կը մտնէ մեր ազգային կեանքին մէջ` իր ունեցած մարդասիրական, ազգային, եկեղեցական ծառայութեամբ, շնորհիւ իր զաւակներուն, թոռներուն եւ ծոռներուն: Ան վկայեց, որ Յարութիւն Արսլանեանին հետ անձնական իր հանդիպումները կ՛ապացուցեն իւրայատուկ մարդ մը, հաւատքի մարդ մը` Աստուծոյ, իր եկեղեցւոյ եւ իր համոզումներուն նկատմամբ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ անուանակոչուած վարչական բաժինի արձանագրութեան քողազերծումը ձեռամբ Յարութիւն Արսլանեանի թոռներուն` Յարութ եւ Յովիկ Արսլանեաններու:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Արսլանեան ընտանիքին կողմէ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանը, որ նկատել տուաւ, թէ Ս. Յարութեան տօնին առիթով իրենց ընտանեկան աւանդութիւնն էր խմբուիլ իրենց հօր շուրջ` նշելու անոր անուան տօնը, աւելցնելով, որ այժմ աւելի լայն ձեւով համախմբուած ենք եւ կը նշենք այս կարեւոր կեդրոնին մէջ անոր անուանակոչումը: «Եկեղեցի-ազգ-ընտանիք: Այս արժէքները փոխանցեց հայրս իր զաւակներուն եւ թոռներուն, եւ մենք յանձնառու պիտի մնանք այդ արժէքներուն», հաստատեց Գրիգոր Արսլանեան:
«Ազդակ»-ի «Սուրէն Տօնապետեան»
Վարչական Գրասենեակ
«Ազդակ»-ի վարչական գրասենեակը անուանակոչուեցաւ 1976-1984 թուականներուն «Ազդակ»-ի ցրւումի աշխատանքներուն պատասխանատուութիւնը վարած Սուրէն Տօնապետեանի անունով:
Մամուլի շուրջօրեայ աշխատանքը իրարու ագուցուած շղթայական մեքենականութիւն ունի` խմբագրութենէն գրաշարութիւն, սրբագրութենէն էջադրում, քարտուղարական եւ վարչական բաժինէն տպագրութիւն եւ ցրւում:
Այս կարեւոր փուլի կազմակերպումը 8 անընդմէջ տարի վարած է Սուրէն Տօնապետեան, որուն անունով կոչուեցաւ «Ազդակ»-ի վարչական գրասենեակը:
Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի «Քաղաքներու
Կախարդանքը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախաձեռնութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի, 19 յունուար 2024-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի եռահատորին շնորհահանդէսը:
«Ազդակ»-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան:
Ապա Ահարոն Շխրտըմեան կարդաց Նորվան արք. Զաքարեանին մեկնաբանութիւնը` «Քաղաքներու կախարդանքը»-ի մասին, ուր ան կը հաստատէ, որ այս երեք հատորները կը վկայեն, թէ հեղինակին գրական ժառանգութիւնը կ՛ընդգրկէ` իր ժամանակաշրջանի անցուդարձերը, դէպքերը, դէմքերը, պատահարները, որոնք առնչուած են անպայման հայկականութեան եւ ազգային գաղափարախօսութեան հետ:
Օրուան բանախօս Կարօ Յովհաննէսեան յայտնեց, որ Մարզպետ Մարկոսեանին հատորները կը մէկտեղեն անոր աւելի քան 65 տարուան հրապարակագրական, գրականագիտական, տպաւորութենական ամբողջ վաստակը` անկախ իր թարգմանական գործերէն եւ գիտական-բժշկական օտարալեզու բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէն, աւելցնելով, որ եռահատորի գրութիւնները կը հանդիսանան վկայութիւնը ժամանակի մը ապրումներուն եւ մտասեւեռումներուն` մարդոց, որոնք առաւելաբար ապրեցան Պէյրութի, Պոսթընի, Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ:
Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան` յայտնելով, որ Մ. Մարկոսեանի յօդուածներուն մէջ կայ հետաքրքրական մօտեցում մը` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի նկատմամբ, եւ որ` հեղինակին համար հաւասարապէս մեր լեզուի երկու ճիւղերը հոգեհարազատ են եւ մէկ լեզուի երկու ճիւղերն են: Ան ըսաւ, որ Մարկոսեանի մէջ կը տեսնէ լիբանանահայու կերպարը` իր հայեցի նկարագիրով, որ Լիբանանէն կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ` իրեն հետ տանելով լիբանանահայու շունչը, հիմնական մտահոգութիւններ ունենալով հայապահպանումը, հայոց լեզուն, Հայ դատն ու հայկական դպրոցը:
Միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր սրտի խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Մարկոսեան ներկայացուցիչն է սփիւռքի շատ կարեւոր ժամանակաշրջանի մը, որ կը կոչուի երրորդ սերունդ, եւ որ` սփիւռքը քաղաքականացուց, անոր տուաւ նպատակ մը եւ ուղղութիւն մը վերապրելէն յետոյ իր իմաստը գործի վերածելու` քաղաքական մտածողութեան ամրապնդումէն ետք: Ան ըսաւ, որ Մարզպետ Մարկոսեան` երրորդ սերունդի ներկայացուցիչը, մտածեց Հայաստանի մասին, բայց նաեւ մտածեց մասնաւորաբար սփիւռքի մասին:
Աւարտին շնորհակալական խօսք արտասանեց հեղինակին քոյրը` Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Մարզպետ Մարկոսեան սուզուեցաւ իր գիրքերու աշխարհին մէջ, ապրեցաւ իր ժողովուրդի դժբախտութիւններուն հետ, սակայն փորձեց ելքեր գտնել հայ հոգիին համար` պատասխանատուութեան զգացումէն թելադրուած, իր բաժինը բերելով մեր կեանքի դժբախտութիւններուն, լուծումներ առաջարկելով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ երեք հատորներու գինեձօնի արարողութիւնը:
«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ. Տեսիլք,
Կամք Եւ Յոյս» Հատորի Շնորհահանդէս
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, 16 փետրուար 2024-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի հեղինակած «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս» հատորին շնորհահանդէսը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Գորեսեան:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց հատորի խմբագիր դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որ ներկայացուց խմբագրական աշխատանքներուն ընթացքն ու ընդհանրապէս գիրքի կազմութեան փուլերը: Անդրադառնալով հատորի խորագիրին` Ճէպէճեան բացատրեց, որ իւրաքանչիւր յօդուածի մէջ կ՛արտացոլան տեսիլքը, կամքը եւ յոյսը` յատկապէս շեշտը դնելով Հ. Ճէպէճեանի մօտ առկայ լաւատեսութեան վրայ, որ շատ կարեւոր է թէ՛ իբրեւ մարդ եւ թէ՛ իբրեւ գրող:
Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներէն վեր. Վահան Թութիկեան առցանց ներկայացուց իր սրտի խօսքը. ան նկատել տուաւ, որ սփիւռքահայ կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ հայերէն գիրք հրատարակելը մեծապէս գնահատելի աշխատանք է, իսկ նման աշխատանք ա՛լ աւելի գնահատելի կը դառնայ, երբ հեղինակը, իր աշխատանքի կողքին, ժամանակ կը տրամադրէ ստեղծագործելու եւ հրատարակելու գեղեցիկ գործեր, ինչպէս է պարագան Հրայր Ճէպէճեանի:
Օրուան բանախօսն էր յատկապէս այս առիթով Լիբանան ժամանած «Սփիւռք» գիտակրթական հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան: Ան յայտնեց, որ Հրայր Ճէպէճեանի գիտական եւ հրապարակագրական սուր հարցադրումներուն մէջ կայ ժանրային կայուն, մնայուն յատկանիշ մը, որ ընթերցողին հետ երկխօսութեան նստելու բուռն ցանկութիւնն է:
Ան ըսաւ, որ հեղինակին նախորդ երկու գիրքերուն հետ պարզ համեմատութեամբ, այս երրորդը ունի ընկերային աշխարհատես, ընդգրկուն շեշտուածութիւն, անպայմանօրէն` համահայկական խորաշերտ տարողութեամբ: Դանիէլեան դիտել տուաւ, որ երրորդ գիրքին իւրայատկութիւնը տեսլականի եւ իրականի հանդիպումն ու համադրումն է:
Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին` դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան, Ահարոն Շխըրտըմեան, Յակոբ Հաւաթեան: Պարոյր Աղպաշեան հաստատեց, որ Հ. Ճէպէճեան իր մասնագիտական գործունէութեան զուգահեռ, իր շրջուն դերակատարութիւններէն օգտուելով, ծանօթացաւ, յարաբերութիւն հաստատեց բազմախաւ հայկական շրջանակներու հետ, ինչ որ զինք մղեց գրիչով արտայայտուելու այս փորձութեան: Ան ըսաւ, որ յօդուածագրութեան, հրապարակագրութեան, յուշագրութեան, հայագրութեան, զրուցագրութեան հարուստ հաւաքածոյի մէջ մէկտեղուած են անոր հինգ տարեշրջաններու (2018-2022) ամէնէն շահեկան կտորները:
Ահարոն Շխրտըմեան իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ դոկտ. Ճէպէճեանի կերպարները կենդանի մարդիկ են, որոնք այսօր կ՛ապրին, կը շնչեն գիրքին մէջ իր բնորոշած ձեւով` հզօր հայրենիք ունենալու տեսիլքով, հայ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու կամքով եւ քրիստոնէական հաւատքի լաւատեսական յոյսով:
Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ, որ Ճէպէճեան բծախնդիր եւ նախանձախնդիր անձ մըն է եւ օրական դրութեամբ հայութեան համար բան մը ընելու մարմաջով եւ փափաքով կ՛ապրի ու կը կենսաւորուի: Ան դիտել տուաւ, որ հեղինակը իր հրապարակային յօդուածներու այս հաւաքածոներուն մէջ պարզապէս տեղեկութիւններ չի փոխանցեր, այլ այդ տեղեկութիւններու ճամբով պատգամներ ունի, որոնք մեր ամէնօրեայ կեանքին հետ առնչուած են եւ հիմնուած են մտահոգութիւններու վրայ:
Այնուհետեւ հատորի հեղինակ դոկտ. Հ. Ճէպէճեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան հատորի հրատարակութեան եւ շնորհահանդէսի յաջողութեան: Ան կարեւոր նկատեց հայկական կամքին, յոյսին ու քրիստոնէական հաւատքին կառչիլը:
Աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան իր սրտի խօսքին մէջ հաստատեց, որ Հ. Ճէպէճեան իր կատարած շարունակական ճամբորդութիւններուն ընդմէջէն միշտ առիթ կը ստեղծէ հանդիպելու Լիբանան, որպէսզի անհատապէս նորոգուի, եւ կը հանդիպի կարգ մը բարեկամներու, նաեւ իրեն համար նուիրականութիւն ներկայացնող հաստատութիւններ կ՛այցելէ եւ քանի մը այցելութիւններէ ետք մեզի կը ներկայանայ հատորով մը, ինչպէս հիմա:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հատորի գինեձօն:
Մամլոյ Առցանց Լսարաններ
«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարանները շարունակուեցան առցանց: Լսարանները վարեց Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
– «Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 25 յունուար 2024-ին, նիւթ` «Արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքը», դասախօսն էր միջազգայնագէտ եւ Արժանթինի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան խորհրդական դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:
– 64-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 15 փետրուարին, թեման էր` «Ս. Ներսէս Շնորհալոյ երաժշտական աւանդը` նմուշներ եւ նկատողութիւններ», դասախօսը` նուագավար, երգչախմբավար եւ երաժշտագէտ, Փրակայի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան:
– 65-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ 21 մարտին, նիւթն էր` Արցախի մշակութային ժառանգութեան միջազգային իրաւական գործիքակազմերը, դասախօսն էր Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբան, մշակութային ժառանգութեան միջազգային փորձագէտ Արմինէ Տիգրանեան:
– 66-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 25 ապրիլին, նիւթն էր` 2020-էն ետք տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումները եւ Արցախի հայաթափումը, դասախօսը` միջազգայնագէտ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի գիտաշխատող Եղիա Թաշճեան:
– 67-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 23 մայիսին, նիւթն էր` «Սփիւռքի քաղաքական գործօնի վերաիմաստաւորման հրամայականը», իսկ դասախօսը` սփիւռքահայ կրթական-հասարակական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան:
– 68-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 20 յունիսին, նիւթն էր` «21-րդ դարու սփիւռքահայը եւ սփիւռքի կառոյցները», դասախօսը` սփիւռքագէտ, հասարակաբան, «Օքսֆորտ» համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան:
– 69-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 11 յուլիսին, նիւթն էր` «Արեւմտահայերէնի կենսունակացում. խնդիրներ, առաջարկներ եւ հեռանկարներ», դասախօսը` ընկերալեզուաբան դոկտ. Արտա Ճէպէճեան:
– 70-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 19 սեպտեմբերին, նիւթն էր` «Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը` Հարաւային Կովկասի ուղղութեամբ», դասախօսը` լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան Տիգրան Եկաւեան:
– 71-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 14 նոյեմբերին, նիւթն էր` «Արցախեան բանակցութիւննեուն ձախողութեան պատճառները. ի՞նչ կարելի է ընել այսօր», դասախօսը` հակամարտութիւններու կարգաւորման մասնագէտ, «Քարթըր» կեդրոնի նախկին տնօրէն դոկտ. Հրայր Պալեան:
– 72-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ 12 դեկտեմբերին, նիւթ` «Արշիլ Կողքին եւ մենք», դասախօս` արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան:
«Ազդակ»-ի Գրադարանը Ճոխացնելու Եւ Մատենաշարը
Ամբողջացնելու Աշխատանքներ
«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը ձեռնարկեց գրադարանի վերադասաւորման աշխատանքներուն եւ նախանձախնդիր եղաւ յատկապէս «Ազդակ»-ի մատենաշարի թիւերու ամբողջացումին: Արդարեւ, քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ պայմաններուն տակ, տպարանի, խմբագրատան եւ անձնակազմի տեղափոխութիւններուն հետ կապուած` գրադարանին տեղափոխութիւնները պատճառ եղած են շատ մը գիրքերու անվերադարձ կորուստին: Անփոխարինելի եղած է յատկապէս «Ազդակ»-ի մատենաշարի շարք մը թիւերու կորուստը:
Այս գծով նախապէս կոչ ուղղուած էր մեր ընթերցողներուն, որոնք ընդառաջելով` հազուագիւտ գիրքեր ու նաեւ իրենց ամբողջ գրադարանները նուիրեցին «Ազդակ»-ի գրադարանին:
Այս տարի եւս անգամ մըն ալ նման կոչով դիմուեցաւ մեր ընթերցողներուն, որ եթէ իրենց մօտ ունին «Ազդակ»-ի մատենաշարի վերոյիշեալներէն զատ` թերթի գրադարանին մէջ պակսող թիւերը, բարեհաճին նուիրել` ի սէր հայ մամուլին եւ մշակոյթին:
«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի
Չորրորդ Փուլը Աւարտեցաւ
Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլը գործադրուեցաւ այս տարի: Ծրագիրին մէջ ներառուեցան լրագրողական տարրական գիտելիքներ` թղթակցութիւն, հարցազրոյց վարել, յօդուածագրութիւն, թուայնացման, լսատեսողական եւ արհեստական բանականութեան, ինչպէս նաեւ այժմէական շարք մը հարցերու վերաբերող դասախօսութիւններ եւ այցելութիւններ: «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ սերունդին մաս կը կազմեն Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն, Ազգային Միացեալ վարժարանէն, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն եւ Հայկազեան համալսարանէն աշակերտներ:
– «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ուրբաթ, 2 փետրուարին տեղի ունեցաւ առաջին ծանօթացման հանդիպումը, որուն ընթացքին է ծրագիրին պատասխանատուն` «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան, որ ներկայացուց ծրագիրը, անոր նպատակներն ու ընդհանուր առմամբ «Ազդակ»-ը` իր աշխատանքի տարբեր բաժանմունքներով եւ հրատարակութեան հոլովոյթով: «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ողջունեց մասնակիցները` քաջալերելով զանոնք իրենց ընտրութեան համար:
– 23 փետրուարին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբին հանդիպումին լիբանանահայ ուսուցիչ, հրապարակագիր եւ մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեան մասնակիցներուն ներկայացուց յօդուածագրութիւնը, անոր սկզբունքներն ու կանոնները:
– 1 մարտին մասնակիցները «Վանայ ձայն»-ի մէջ հանդիպում ունեցան «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն, կրթական եւ հասարակական գործիչ Վիգէն Աւագեանին հետ, որ ներկայացուց ձայնասփիւռի կարեւորութիւնը լրագրութեան մարզին մէջ: Ան մասնաւորապէս խօսեցաւ «Վանայ ձայն»-ին, ներկայի արդիականացումի պայմաններուն մէջ ձայնասփիւռ-ընկերային ցանցեր փոխադարձ կապուածութեան մասին:
– 8 մարտին կայացած հանդիպումին «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Քրիստ Խրոյեան ներկայացուց հարցազրոյցը` լուսարձակի տակ առնելով հարցազրոյց մը կատարելու նպատակները, օրէնքները, ձեւերն ու միջոցները, ինչպէս նաեւ` կառոյցը:
– 15 մարտին հանդիպումին «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Վահրամ Էմմիեան ներկայացուց միջազգային եւ շրջանային լուրերու պատրաստութեան ձեւն ու թեքնիքները:
– 22 մարտին «Ազդակ»-ի արխիւներու եւ զանոնք թուայնացնելու պատասխանատու Թալին Գալայճեան բացատրեց արխիւները թուայնացնելու նպատակներուն, ինչպէս նաեւ ձեւերուն եւ միջոցներուն մասին:
– 5 ապրիլին մասնակիցները այցելեցին ԳՈՀԱՐ կազմատուն եւ գրադարան, ուր գրադարանի պատասխանատու Կարօ Տէրունեան բացատրեց ԳՈՀԱՐ կազմատան աշխատանքները` հին գիրքերը նորոգելու ու որակաւոր եւ գեղեցիկ կողքերով օժտելու իմաստով:
«Ապագայ լրագրողներ»-ը այցելեցին նաեւ ԳՈՀԱՐ գրադարանը, ուր անոնք ծանօթացան` գրադարանի ընտիր գիրքերուն, երգարաններու հսկայ հաւաքածոյին, հարիւրաւոր բառարաններուն, Հայոց ցեղասպանութեան վկայութիւններու ընդարձակ հաւաքածոյին, ինչպէս նաեւ` մանրանկարչութեան յատուկ գիրքերուն, ձայնասկաւառակներու եւ խտասալիկներու մեծ փունջին:
– 10 մայիսին «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան ընդհանուր տեղեկութիւններ ներկայացուց հայկական եւ ընդհանրապէս հայրենի լրատուադաշտին մասին:
– 17 մայիսին անձնակազմի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան հանդիպում մը ունեցաւ ապագայ լրագրողներուն հետ, որոնց ներկայացուց թարգմանութեան աշխատանքի գործընթացը` բացատրելով ճշգրիտ թարգմանութիւն կատարելու ձեւերը:
– 31 մայիսին Հայկազեան համալսարանի IT բաժանմունքի պատասխանատու եւ համակարգչային գիտութիւններու դասախօս Շանթ Ստեփան խօսեցաւ արհեստական բանականութեան մասին:
– 14 յունիսին Հրակ Աւետանեան ներկայացուց հետաքրքրական զեկուցում մը` «Ընկերային ցանցեր, լրագրութիւն եւ կեղծ լուրեր» խորագիրով:
– 21 յունիսին «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանին հետ ծրագիրի մասնակիցները ծանօթացան` ընդհանրապէս թղթակցութեան, անոր կարեւորութեան ու իւրայատկութեան, թղթակցութեան պատրաստութեան փուլերուն:
– 6 սեպտեմբեր 2024-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները աւարտեցին իրենց աշխատանքները` այցելելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, ուր դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շերնէզեանի առաջնորդութեամբ ծանօթացան` կառոյցին, առաքելութեան, հոն կատարուած աշխատանքներուն եւ ջամբած հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան:
«Ապագայ Լրագրող»-ներու Բ. Եւ Գ. Փուլերու
Մասնակիցներու Հաստատագիրներու
Յանձնում Եւ Յաւելուածի Տպագրութիւն
– 8 ապրիլին «Ազդակ» իր ընթերցողներուն ներկայացաւ իւրայատուկ յաւելուածով մը, որուն յօդուածագիրները 18-20 տարեկան աշխատակիցներն էին, որոնք հետեւողականօրէն իւրաքանչիւր փուլին, 9 ամսուան վրայ երկարող տեսական-գործնական վարժողականութենէ ետք լոյսին բերին իրենց երախայրիքը:
32 էջնոց յաւելուածին մէջ ներառուած են` յօդուածներ, հարցազրոյցներ, տեղեկագրութիւններ, որոնք անցան լեզուական, լրագրական, խմբագրական մաղերէ: Անհպելի մնացին միտքերը, ոճերը, կարծիքները, նիւթի ընտրութիւնները:
– Երկուշաբթի, 8 ապրիլ 2024-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ» լրագրողական վարժողական ծրագիրին Բ. եւ Գ. փուլի մասնակիցները ստացան իրենց հաստատագիրները:
«Ազդակ»-ի խմբագիրներէն, «Ապագայ լրագրողներ» ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան իր արտասանած խօսքով արժեւորեց բոլորին աշխատանքն ու հետեւողականութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնեց նեցուկ կանգնողներուն:
Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէն, գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ մասնակիցներուն գրիչի արգասիքը եղող յաւելուածին` նշելով, որ ասիկա հեռանկարային է, ուրախալի է եւ գոհունակութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ, ինչպէս որեւէ աշխատանքի պարագային, կարեւոր է երիտասարդութեան ներգրաւումը «Ազդակ»-ի մէջ:
Ան բարձր գնահատեց երիտասարդներուն կողմէ ընտրուած նիւթերն ու ճշդուած թեմաները` նկատել տալով, որ անիկա ցուցանիշ է որոշ հեռանկարի մը գոյութեան, աշխատանքի արդիւնաւէտութեան` մասնակցութեան առումով, եւ ոչ թէ` պատուէր կատարելու կամ ուրիշին որոշումը գործադրելու:
«Մենք տակաւին միասին ճամբայ ունինք անցնելիք, եւ վստահ եմ, որ այն հետեւողականութիւնը, որ ցուցաբերեցիք, իր արդիւնքը տուած է, եւ ձեր ամբարած գիտելիքներուն առաջին արգասիքը հրատարակուած է: Մենք անպայման կը շարունակենք միասին», եզրափակեց ան:
Ապա տեղի ունեցաւ հաստատագիրներու յանձնում:
Բ. եւ Գ. փուլի մասնակիցներն են. Կարէն Պոյաճեան, Կիրօ Սէրայտարեան, Գէորգ Եագուպեան, Սարօ Սէրուժեան, Սէրուժ Խանճիհանեան, Կարէն Խիւտավերտեան, Կայէլ Ապուսէֆեան, Յարութ Մարկոսեան, Նարօտ Քեչէպաշեան, Ռիթա Սալլում, Ներսէս Ապրիլեան, Ալին Այանեան, Բալիկ Պօղոսեան, Վարանդ Կիրակոսեան, Լոռի Յովսէփեան, Հելենա Քէշիշեան, Մարիա Խաչատուրեան, Սօսէ Խաչատուրեան, Արազ Խտըրեան, Գարին Գույումճեան, Յարութ Մաւեան, Հրակ Մամիկոնեան, Սեւակ Զարմէնեան եւ Ռիթա Փափազեան:
Բազում մարտահրաւէրներով, բազմաթիւ ակնկալութիւններով, արագութեան եւ արդիականութեան հետ քայլ պահելու մրցումով լեցուն այս ժամանակաշրջանին «Ազդակ» իր տպագիր ամէնօրեայ տարբերակով, ելեկտրոնային էջերով եւ արագ լրահոսով կը փորձէ թիավարել հոսանքն ի վեր, սակայն բազում են նաեւ` դժուարութիւններու, մարդուժի խնդիրը, նիւթական ծանր վիճակը, կարելիութիւններու սահմանափակումը: Բայց եւ այնպէս, երթը անկասելի է, այնքան ատեն որ կայ «Ազդակ»-ի անձնակազմին կամքն ու պայքարի ոգին, ընթերցողներուն հաւատարմութիւնը եւ թերթին նկատմամբ հաւատք ունեցողներուն նեցուկը:


