Վրաստան շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումով, հետեւաբար կ՛ամրապնդէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: «Սփութնիք»-ի վրացական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Քաւելաշվիլի:
Քաւելաշվիլի նաեւ աւելցուցած է, որ Վրաստանի եւ վրացի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ տնտեսական բարգաւաճումը ապահովելու համար պէտք է միասնական ըլլալ:
Ան աւելցուցած է, որ Վրաստան կը ձգտի դառնալ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ, սակայն Եւրոպական Միութեան համարկումը թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ անկէ դուրս կ՛օգտագործուի շահարկումներու համար:
«Հակառակ ապատեղեկատուական հզօր արշաւին, եւրոպական համարկման հոլովոյթը կը շարունակուի», ըսած է Քաւելաշվիլի:


