Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Մեր ազգին անցած պառակտումի, բոլոր կողմերէն կասկածելի գրաւներու ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, եւ մեզ ակնդէտ սպասող, մեզ քարէ դարաշրջան վերադարձնող սադրիչ ծրագիրներով ու շրջանային օգնութեամբ միջազգային սադրանքներու պայմաններուն մէջ, պէտք է իւրաքանչիւր ողջախոհ հաստատէ, որ Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կարեւոր ու ազդու դեր ունին փրկելու համար այս ազգին մնացորդը եւ արգիլելու համար, որ իսլամութիւնը օգտագործուի սադրիչ նպատակներու համար, որոնք կը վտանգեն ամբողջ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:
«Ոչ ոք մաղին երեսը պիտի մնայ: Հարցերը իրենց ներկայ վիճակին մէջ ձգելը բոլորը պիտի ենթարկէ արիւնի եւ քանդումի հրաբուխներուն: Ուստի, Աստուծմէ վախնանք:
«Յիշեցման համար ալ կ՛ըսեմ` Աստուած Յորդանանը, Իրաքը, Լիբանանը, Սուրիան եւ այն, ինչ որ Պաղեստինէն մնաց, պահպանէ պառակտումի, սադրանքներու եւ մասնատման սերմերէն»:


