100 տարեկանին մահացած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր: Այս մասին հաղորդեց «Աթլանթա Ճըռնըլ-Քոնսթիթիուշըն»-ը:
«Նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր, մարդը, որ վերաիմաստաւորած է, թէ ինչպիսի՛ կեանք կրնայ ըլլալ նախագահութենէն ետք, մահացած է կիրակի օր: Ան 100 տարեկան էր», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Աւելի ուշ, Ճիմի Քարթըրի բարեգործական հիմնադրամը հաստատած է տեղեկութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Ճօ Պայտըն եւ երկրի նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցաւակցութիւն յայտնած են:
Ճիմի Քարթըր Միացեալ Նահանգներու 39-րդ նախագահն է, ան պաշտօնը վարած է 20 յունուար 1977-էն մինչեւ 20 յունուար 1981:
2002 թուականին ան ստացած է խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ` «աշխարհի վրայ տագնապները խաղաղ ճամբով լուծելու եւ մարդու իրաւունքներուն համար պայքարելու ջանքերուն համար» իր աշխատանքին համար:


