Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ էր, եւ ազգային հարցեր քննարկեցինք: Մտիկ ըրի միւֆթիին ցուցմունքներուն, եւ խօսեցանք նախագահի ընտրութեան հարցին մասին: Միւֆթին ինծի ըսաւ, որ յաջորդ նախագահը պէտք է բոլոր լիբանանցիներուն ըլլայ եւ ոչ միայն մարոնի համայնքին, եւ ատիկա մեր ուսերուն մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ, որովհետեւ սիւննի համայնքը այս հայրենիքի հիմնադիրներէն է եւ անոր դերակատարութիւնը կարեւոր է: Տրիան ունէր բազմաթիւ գաղափարներ, որոնց համամիտ ենք: Միւֆթիի դերը միախմբող է եւ ան բաց է բոլոր գաղափարներուն»:
«Խօսեցանք վարչապետին եւ նախագահին միջեւ յարաբերութիւններուն մասին, եւ Թաէֆի համաձայնագիրին կարեւորութեան մասին, որ պէտք է յաջորդ փուլին սահմանադրութեան հետ մեկնակէտ ըլլայ: Որքան Թաէֆէն հեռանանք, այնքան սխալի մէջ կ՛իյնանք», յայտնեց երեսփոխանը:
«Մենք համաձայնեցանք համախոհութեան գոյացման ջանքերը աշխուժացնելու շուրջ, եւ միւֆթիին ամենայն յարգանօք ըսի, թէ ես բնաւորութեամբ համախոհական եմ եւ ոչ ոքի մարտահրաւէր կը ներկայացնեմ, եւ եթէ իբրեւ համախոհական անձ ներկայութեանս առիթ կայ, ապա պատրաստ եմ պատասխանատուութեան ստանձնման», յայտարարեց Պուսթանի:


