ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Կը պատմուի, որ տարուէ տարի Կաղանդ պապուկին մտահոգութեան ծիրը սկսած է ընդարձակուիլ, խորանալ ու տարածուիլ երկրագունդի տարբեր շրջաններ:
Ճիշդ է, որ համայն մարդկութիւնը դարեր շարունակ, ընդունած է այս հրաշալի կերպարին ու անզուգական մարդասէրին առաքելութեան տարողութիւնը, լաւապէս հասկցած, որ Կաղանդ պապուկին ուժն ու ազդեցութիւնը անսահման են ու տիեզերական ներուժ կը պարունակեն, այդուհանդերձ, մարդ արարածն ու անասնական աշխարհը միշտ ալ փորձած են աւելին ակնկալել ու ծանրաբեռնել Կաղանդ պապուկը:
Հակառակ այն իրողութեան որ բոլորիս սիրելի Կաղանդ պապուկին համար նման վիճակներ ու կացութիւններ նորութիւն չեն, որովհետեւ հին ժամանակներէ ի վեր ան` քաջածանօթ ըլլալով մարդ արարածի հոգեկերտուածքին ու կազմաւորումին, ինչպէս նաեւ երկար ատեն ապրելով բնութեան մէջ ու մօտէն կապ ունենալով անասնական աշխարհին հետ, յաջողած է բոլորին օգնութեան միջոցներ գտնել, օժանդակել, ցաւեր մեղմացնել, մտահոգութիւններ փարատել ու իր սրբազան առաքելութեան կիզակէտը դարձնել` ուրախութիւն ու խաղաղութիւն բաշխել աշխարհով մէկ եւ երջանկութեան սերմեր ակօսել մարդ արարածի կեանքին մէջ:
Բոլորս գիտենք, որ Կաղանդ պապուկը կ՛ապրի բեւեռային շրջանի մը մէջ, ուր սպիտակ հագած անծայրածիր անտառներ կը շրջապատեն անոր բնակավայրը: Հոն, այդ գեղեցիկ բնութեան տեսարանները ուղղակի կը շշմեցնեն մարդ արարածը, երբ ձմեռը իր հսկայածաւալ ձիւնով կը պատէ լեռներն ու անտառները` նորովի շունչ ու կեանք սփռելով երկրագունդին:
Ամէնօրեայ իր շրջապտոյտին ընթացքին, կարմրուկ այտերով եւ սպիտակ մօրուքով Կաղանդ պապուկը կը նկատէ, որ իր տան հանդիպակաց հսկայ եղեւինի ծառերուն վրայ թառած են խումբ մը արծիւներ, որոնք ակնապիշ կը դիտէին զինք ու կը հետեւէին անոր քայլերուն: Հակառակ անոր որ ան լաւապէս կը ճանչնայ բնութեան մէջ ապրող անասուններու տեսականին, կը նշմարէ, որ առաջին անգամն է, որ արծիւներու այս խումբին կը հանդիպի:
Բեւեռային անտառներու բարեգութ պահակն ու բնութեան սիրահար Կաղանդ պապուկը, շնորհիւ իր աստուածային կարողութեան կը նկատէ արծիւներու խռովքն ու մելամաղձոտ նայուածքները: Ան առանց ժամանակ կորսնցնելու, կը մօտենայ ու կը փորձէ իմանալ անոնց ներկայութեան պատճառը:
Ի դէպ, ծանօթ է բոլորիս, որ Հայաստան աշխարհը իր լեռնային տարածքով եւ բնութեան գեղեցկութեամբ ապաստան է եղած տեսակաւոր անասուններու, որոնք դարեր շարունակ ապրած են հոն ու կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը ապահովել տուեալ երկրամասին վրայ: Այս առումով ալ, Հայաստան աշխարհի բնիկ ժողովուրդը միշտ ալ օժանդակութիւն ցուցաբերած է եւ խնամքով վերաբերած բոլոր տեսակի` վայրի թէ ընտանի անասուններու հանդէպ:
Փաստօրէն, աստուածամերձ լեռներու գագաթին ու լանջին ապրող տարբեր տեսակի արծիւներ գոյութիւն ունին Հայաստան աշխարհի տարածքին: Բուսաբաններ ու կենդանական աշխարհի մասնագէտներ ուսումնասիրած են այս հողատարածքին վրայ ապրող արծիւներու տեսականին ու փաստած, որ ինն տեսակի արծիւներ կան Հայաստան աշխարհի մէջ:
Իւրաքանչիւր տեսակ ունեցած է իր անուանումը, ինչպէս` քարարծիւ, գաճաճ արծիւ, տափաստանային արծիւ, ջրարծիւ, օձարծիւ, սպիտակապոչ արծիւ եւ այլն:
Անասնագէտներ արձանագրած են նաեւ, որ նմանատիպ արծիւներ միշտ ալ նախընտրած են լեռնային շրջաններ, ինչպէս` Արցախի, Վասպուրականի, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի եւ ներկայ Հայաստանի տարածքները:
Այս իրականութենէն թելադրուած, Հայաստան աշխարհի բնակչութիւնը միշտ ալ իր գոյութեան, տոկունութեան եւ ինքնավստահութեան խորհրդանիշ նկատած է արծիւը ու անոր պատկերը ամրագրած սեփական դրօշի թէ ազգային արժէքներու պաստառին վրայ:
Իրօք, պէտք չէ մտահան ընել, որ արծիւները կը յատկանշուին իրենց ուժեղ կազմաւորումով, սուր տեսողութեամբ, քաջութեամբ եւ բարձր ինքնավստահութեամբ, որով դասուած են իբրեւ թռչնազգիներու թագաւոր եւ երկինքի բարձունքը նուաճող անասուն:
Կաղանդ պապուկը իմանալէ ետք արծիւներու խումբին մտահոգութիւնը, զիրենք կը հրաւիրէ իր բնակարանը զրուցելու եւ իրենց մտահոգութիւնը փարատելու:
Արծիւները կը յօժարին եւ կ՛ուղղուին լոյսերու աշխարհին կեդրոնը եղող այն բնակարանը, ուր դարերէ ի վեր կ՛ապրի Կաղանդ պապուկը:
Արծիւները` ի տես ձիւնապատ ու բնական գեղեցկութեամբ զարդարուած բնակարանին, ինչպէս նաեւ անոր շուրջ հաւաքուած տեսականի անասուններու, ինչպէս` եղջերուներ, սպիտակ նապաստակներ, արջեր, թռչուններ եւ այլն, պահ մը կը զարմանան եւ ուրախութեան ժպիտը իրենց դէմքին` մուտք կը գործեն բնակարան:
Արծիւներու զարմանքը կը շարունակուի, երբ բնակարանին մէջ կը տեսնեն հսկայական նուէրներու կոյտեր, պատերէն կախուած գոյնզգոյն գուլպաներ, դալար ծառերու զարդարանք, շողշողուն լոյսեր, սեղաններու վրայ դասաւորուած նամակներ, բացիկներ, որոնք սիրտ լեցնող եւ ուրախութիւն պատճառող մթնոլորտ ստեղծած էին, իսկ քիչ անդին, բոցկլտուն կրակարանին շուրջ նստած էր Կաղանդ պապուկը:
Արծիւները չէին գիտեր, որ իւրաքանչիւր Ամանորէ ամիսներ առաջ Կաղանդ պապուկը կը պատրաստուէր նման հսկայածաւալ աշխատանքի, կարդալէ ետք իրեն ուղղուած բազմահազար նամակները աշխարհի տարբեր կողմերէն:
Ինչպէս միշտ, Կաղանդ պապուկը, ծխամորճը ձեռին, օրուան ընթացքին կը նստէր կրակարանին դիմաց` պահ մը հանգչելու եւ յաջորդ օրուան աշխատանքին մասին մտածելու:
Հայոց աշխարհի արծիւներու ներկայացուցիչը կը սկսի պատմել, թէ անոնք եկած են Արցախէն` իրենց հետ բերելով այս հողատարածքին վրայ դարեր շարունակ ապրած ու գոյատեւած տեսականի անասուններու մտահոգութիւնն ու մղձաւանջը:
Երէց արծիւը Կաղանդ պապուկին կը յայտնէ, թէ արծիւներու իրերայաջորդ սերունդներ ապրած են Արցախի բարձրաբերձ լեռներու գագաթին, ծանօթացած հոն ապրող ժողովուրդին, մօտէն շփուած են աշխատասէր, մարտունակ, տոկուն ու իր հայրենիքը սիրող հայութեան հետ, ճանչցած են այդ ժողովուրդին ստեղծարար ու մշակութասէր առանձնայատկութիւնը, բնութենապաշտ կազմաւորումը, աւելի՛ն. անոնք` արծիւները, քաջածանօթ են եղած հայութեան բազմաշնորհ արժանիքներուն ու քարակերտ խառնուածքին:
Այսօր, սակայն, այս հրաշալի բնօրրանը դատարկուած է իր բնիկ ժողովուրդէն, որովհետեւ ազերի եւ թուրք հորդաներ գրաւած են այս հողատարածքը ու աւերի վերածած հազարամեայ կեանք ունեցող վանքերը, եկեղեցիները, ձեռակերտ կոթողները, գերեզմանները, մշակութային կեդրոները, դպրոցներն ու կառոյցները:
Փաստօրէն, սեպտեմբեր 2023-էն ետք, Արցախի ժողովուրդը հերոսաբար մարտնչելէ եւ ամիսներ պաշարուելէ ետք, ստիպողաբար կը լքէ իր հայրենի հողը ու կը դառնայ գաղթական:
Արծիւները հայոց աշխարհին, որոնք իրենց ամէնօրեայ թռիչքով ականատես կ՛ըլլային հայութեան աշխատանքին ու նուիրումին` պահելու ու պահպանելու սուրբ հողը, ահաւասիկ, աւելի քան տարիէ մը ի վեր վկաներն են համատարած սուգին ու աւերին, դատարկուած բնակարաններու, անմշակ այգիներու, խոպան դաշտերու եւ ազգային արժէքներու պղծումին ու քանդումին:
Արցախեան աշխարհին քաջածանօթ արծիւները տեսած էին թուրք-ազերի բարբարոսութիւնն ու սպանդները, եւ լո՜ւռ հետեւած դաժան դէպքերուն:
Արծիւները կը փնտռէին իրենց վաղեմի բարեկամները, այդ հողատարածքին իսկական տէրերը, որպէսզի իրենք աւելի ապահով եւ բարօր կեանք մը ունենային:
Կաղանդ պապուկը մելամաղձոտ կը հետեւէր պատմուածին: Ան մատնուած էր խոր տխրութեան, իսկ աչքերուն` տեսանելի էին արցունքի կայլակներ:
Մեծ մարդասէրը, որ դարերէ ի վեր միայն երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն բերած էր աշխահին, այս պարագային` ունէր յաւելեալ պարտաւորութիւն մը, ելք մը գտնելու եւ հայոց աշխարհի արծիւներուն խռովքն ու մտատանջութիւնը փարատելու:
Ան իր լաւագոյնը խոստանալով արծիւներուն, ճամբու կը դնէ զիրենք ու կը լծուի աշխատանքի: Փաստօրէն, Ամանորը կը մօտենար, եւ ան յանձնառու էր իր լրումին հասցնել ընթացիկ գործերը:
Կաղանդ պապուկը ծանօթ էր արցախեան աշխարհի հայութեան, տեսած ու ապրած էր հիւրընկալ այս բնիկ ժողովուրդին մեծարանքը ու վայելած բնութեան հրաշալի գեղեցկութիւնը: Ան կ՛որոշէ ամանորեան նուէրով մը ուրախացնել հոն ապրող արծիւներն ու ընտանի անասունները:
Առիթով մը, Կաղանդ պապուկը իմացած էր, որ Արցախի բարձր լեռներու լանջին տակաւին կ՛ապրին որոշ թիւով հայեր, որոնք չեն լքած իրենց հայրենիքը եւ կը շարունակեն գոյատեւել հոն` պաշտպանուած հայոց լեռներու հզօրութեամբ: Գիտէր նաեւ, որ այդ տնակներէն դէպի երկինք կը բարձրանար օճախի ծուխը, ամբողջ մարդկութեան ցոյց տալով բուռ մը հայութեան տոկունութիւնն ու ապրելու կամքը:
Այս անգամ Կաղանդ պապուկը կ՛որոշէ այցելութիւն մը տալ Արցախ, լքուած ու խոպան դաշտերը զարդարել բազմահազար եղեւին ծառերով եւ լոյսերով, որպէսզի Ամանորի օրը ամբողջ աշխարհը զարմացած դիտէ պատահած հրաշքը, իսկ հայոց աշխարհի արծիւները երկինքէն դիմաւորեն արեւու նման ճառագայթող լոյսը` ամբողջ Արցախի տարածքին:
Ամանորի գիշերը Կաղանդ պապուկը մեկնումի ազդանշանը կու տայ: Դուրսը հաւաքուած եղջերուներու հսկայ խումբը պատրաստ է սլանալու դէպի երկինք: Սայլերը լեցուած են բազմահազար նուէրներով եւ եղեւինի ծառերով:
Մեծ մարդասէրը իսկոյն դուրս կ՛ելլէ իր բնակարանէն` կարմիր զգեստը հագած ու սեւ մոյկերը ոտքին: Ան շոյելէ ետք սպիտակ մօրուքը, ժպիտը դէմքին ու կարմրուկ այտերու ուղեկցութեամբ` կը նստի իր պսպղուն սայլին վրայ:
Ակնարկ մը նետելէ ետք իր լոյսերու մէջ շողացող դղեակին ու սերտ բարեկամ անասուներուն, կու տայ հրահանգը`դէպի աստղազարդ երկինք բարձրանալու:
Կաղանդ պապուկը որոշած էր առաջին հերթին հանգրուանել Արցախ ու իր գեղեցիկ նուէրով ուրախացնել արծիւներն ու մնացեալ անասունները: Ան հրաշքի համազօր կարողութեամբ` բազմահազար եղեւին ծառերով կը զարդարէ դաշտերը, լքեալ գիւղերն ու քաղաքները եւ զանոնք կ՛օժտէ պսպղուն լոյսերով:
Ամանորի կէս գիշերին, Արցախ աշխարհը արդէն լուսաւորուած է: Մարդիկ կը զարմանան ի տես պատահածին, որովհետեւ երկրագունդի այս վայրը այնքան մը ճառագայթող է եղած գոյնզգոյն լոյսերով, որ ամբողջ մարդկութեան ուշադրութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ:
Կաղանդ պապուկը, իր կարգին, ուրախութեամբ լիացած ու դէպի երկինք սլանալու ատեն կը լսէ արցախեան աշխարհէն արձակուած դարաւոր կանչը` դէպի հայրենիք վերադառնալու յոյսն ու կամքը:
Արդ, Արցախի արծիւներուն եւ Կաղանդ պապուկի իսկ հաւատարմութեամբ ոգեղինացած հաւատամքն ու յոյսը հիմնարար արժէքներ են, որոցմով հայութիւնը պիտի կարենայ վերադառնալ հայրենի հող ու վերստին շենացնէ դարաւոր օճախը:


